«Զանգեզուր» Պարախումբի 50-ամեակի Փառահեղ Ելոյթը Գահիրէի Մէջ

Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, New Generation International դպրոցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Կոկանեան Սրահի «Զանգեզուր» պարախումբին ելոյթը, որ նուիրուած էր պարախումբին 50-ամեակին:

Տիկին Կասիա Տէօվլէթեան-Ճղալեան հայերէնով բացումը կատարեց ելոյթին եւ իր խօսքին մէջ վեր հանեց արուեստներուն՝ երգչախումբ-պարախումբին ունեցած մեծ դերը, Սփիւռքի տարածքին մեր մշակոյթի պահպանումին մէջ: Ըսաւ նաեւ, թէ պարախումբին այսօրուան անդամներէն շատերուն ծնողքը իրենք ալ պարած են նոյն պարախումբէն, ինչպէս ինք, որ մեծ պատիւ կը համարէ այս փառայեղ օրուան հանդիսավարը ըլլալու իրողութիւնը:

Դոկտոր Ճորճ Սիմոնեան, արաբերէն լեզուով բարի գալուստի իր խօսքը աւարտեց Ուիլեըմ Սարոյեանի շատ նշանաւոր հատուածին վերջին պարբերութեամբ. «Որովհետեւ երբ անոնցմէ երկուքը հանդիպին աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ, տեսէք թէ ինչպէս նոր Հայաստան մը պիտի ստեղծեն»:

Համոյթը խայտաբղէտ եւ հաճելի ներկայացում մըն էր հայկական եւ այլ երկիրներու պարերու, զոր խումբին հարիւր տղաքը՝ մանուկներէն մինչեւ պատանիներն ու երիտասարդները կատարեցին մեծ խանդավառութեամբ, իրենց հետ խանդավառելով սրահը լեցուցած հոծ բազմութիւնը:

Այս ելոյթին կը մասնակցէր նաեւ Աղեքսանդրիոյ պարախումբը իր 23 պարողներով եւ անշուշտ զիրենք քաջալերելու համար Աղեքսանդրիայէն եկած բազմութիւնը:

Պարերու միջեւ եղած փոքր դադարները պատշաճ խօսքերով կը լեցնէր  տիկին Լալա Շամամեան-Նիկոլեան:

Ելոյթի աւարտին, պարախումբին 50-ամեակին առիթով նախ մասնաւոր գնահատանքի արժանացան չորս պարողներ, որոնք տասը տարի է, որ անընդմիջաբար կը մասնակցին «Զանգեզուր»ին՝ Թամար Սապրի, Ալիսա Տէփոյեան, Վարդան Թէրզիպաշեան եւ Ռուբէն Սաատ: Ապա բեմ հրաւիրուեցան բոլոր այն տիկինները, որոնք տիկին Զապէլ Տէփոյեանի հետ քուլիսային աշխատանքով յաջողցուցած էին այսօրուան ելոյթը: Կոկանեան սրահի պատւոյ ատենապետ Կարպիս Եազըճեան բեմ հրաւիրուեցաւ ոսկեայ շքանշանով մը պատուելու տիկին Զապէլին:

Գնահատանքի խօսք արտասանուեցաւ 50 տարիներու ընթացքին պարախումբի պարուսոյցներուն համար, որոնցմէ ներկայ էր միայն վերջընթեր պարուսոյցը՝ տիկին Սիւզան Յակոբեան-Գարգուր, որուն յուշանուէրը յանձնեց Գահիրէի Թեմական ժողովի ատենապետ Նուպար Սիմոնեան:

Մեծ խանդավառութեամբ ներկաներն ու պարողները դիմաւորեցին այսօրուան պարուսույցը՝ արհեստավարժ պալէթ-մայսթըր Էլէն Մարտիրոսեան, ծաղկեփունջերով արտայայտելով իրենց սէրը: Ապա Կոկանեան Սրահի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան ոսկեայ շքանշանով մը գնահատեց պարուսոյցը:

Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ հրաւիրուեցան «Զանգեզուր»ի նախկին պարողները, որոնք բեմ բարձրանալով գիրկնդխառնուեցան այսօրուան պարողներուն հետ, շատերը իրենց իսկ զաւակները:

Պարախումբի 50-ամեակին առիթով յատուկ գրքոյկ մը պատրաստուած էր, որ բաժնուեցաւ բոլոր նախկին զանգեզուրականներուն, իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին ունենալ զայն, կրնան դիմել Կոկանեանի վարչութեան:

Գրեթէ երեք ժամ տեւող այս ելոյթին տպաւորութեան տակ ներկաները կարծես չէին ուզեր բաժնուիլ սրահէն եւ հոն տիրող մթնոլորտէն: Մեծապէս գնահատելի են բոլոր անոնք՝ պարողներէն մինչեւ քուլիսներու յետին աշխատողները, որոնք յաջողցուցին այս ելոյթը:

Scroll Up