Խաղաղութեան Աղօթք Գերմանիոյ Մէջ` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներուն
Ապրիլ 15-ին Գերմանիոյ Լայպցիգ քաղաքի Սբ. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ խաղաղութեան աղօթք` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր հայ ուսանողներու եւ Լայպցիգի հայկական մշակութային միութեան կողմէ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկաւ ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան: Ներկաներուն դիմեցին նաեւ Լայպցիգի հայ մշակութային միութեան նախագահ Անահիտ Պապայեանը, Սբ. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Պերնյարտ Շպիսը (Bernhard Spies):
Յուշ-երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայկական եւ գերմանական հոգեւոր երաժշտութիւն: Այն աւարտուեցաւ Տէր Սահակ քհն. Սահակեանի եւ Պերնյարդ Շպիսի համատեղ աղօթքով` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ նահատակներուն:
Բազմաթիւ ներկաներու մէջ էին հոգեւոր եւ մշակութային գործիչներ, գերմանական խոշոր լրատուամիջոցներու, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: