Կոչ. Ամրապնդենք Մեր Ուխտը՝ Շարունակելու Պահաջատիրութեան Արդար Երթը

Յառաջիկայ օրերուն հաւաքաբար պիտի նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին։

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայորդիներուն, որ խուռներամ շարքերով մասնակցին չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2019-ին, կազմակերպուած ապրիլեան քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ տեղի ունենալիք բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն։

Մեր ամուր եւ հաստատուն քայլերով ամրապնդենք մեր ուխտը՝ հաւատքով եւ զոհողութեամբ շարունակելու պահաջատիրութեան արդար երթը։

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

Scroll Up