Արցախի ՄԷջ Կը Պատրաստուի Ամենամեծ Ժենգեալով Հացը` «Յաղթանակ»-ը

Մայիս 11-ին Հաթերքի մէջ կայանալիք` ժենգեալով հացի երկրորդ փառատօնի ընթացքին կը նախատեսուի պատրաստել աշխարհի ամենամեծ ժենգեալով հացը` մօտ 3 մեթր երկարութեամբ: Այս մասին «Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է փառատօնի կազմակերպիչ, «Էքոտուրիզմն Արցախի մէջ» նախաձեռնող խումբի ղեկավար Սամուէլ Միրզախանեան:

«Անցած տարուան դեկտեմբերին Արցախի մէջ արդէն պատրաստուած է ամենամեծ ժենգեալով հացը, որ գրանցուած է Հայկական դիւցազնագիրքին մէջ: Այս անգամ գործի վարպետները պիտի կրկնեն իրենց սեփական մրցանիշը` յաւակնելով հիմա ալ գրանցուիլ Կինեսի գիրքին մէջ: Թխուած ժենգեալով հացը կը կոչուի «Յաղթանակ» եւ կը նուիրուի մայիսեան յաղթանակներուն: Պատրաստման համար անգամ յատուկ սպասք  պատուիրուած է»,- նշած է Ս. Միրզախանեան:

Scroll Up