Հայկական Մշակոյթը Ներկայացուեցաւ Քաթալոնիոյ ՄԷջ
Ապրիլ 12-ին Քաթալոնիոյ Սանթա Քոլոմա քաղաքի քաղաքապետարանը կազմակերպած էր ձեռնարկ, որուն կը մասնակցէին քաղաքին մէջ ապրող շարք մը համայնքներու ներկայացուցիչներ: Նպատակը բազմազգ Քաթալոնիոյ բնակչութեան ալ աւելի մերձեցումն էր:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ ժաննա Դաւթենցը, ձեռնարկը տեղի ունեցաւ զբօսայգիի մէջ, ուր առտուընէ կը տիրէր տօնական տրամադրութիւն: Որպէս կանոն` հայկական համայնքը միշտ կը մասնակցի նմանատիպ ձեռնարկներու, որոնց ընթացքին կը ներկայացնէ ազգային մշակոյթը:
Այս անգամ ձեռնարկին կը մասնակցէին Սանթա Քոլոմայի «Արարատ» ընկերակցութեան «Այբ մեսրոպատառ» կիրակնօրեայ դպրոցի սաներն ու հայկական համայնքի բազում ներկայացուցիչներ: Դպրոցը ներկայացուց հայերէն խմբակային երգ` ուսուցչուհի Անահիտ Մկրտչեանի ղեկավարմամբ: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Անահիտ Մկրտչեան, եւ հայկական մեղեդին թեւածեց զբօսայգիին մէջ: Յաջորդիւ կատարմամբ հանդէս եկաւ դպրոցի սան Մանէ Ալեքսանեան: Վերջինս ջութակով կատարեց Մոցարտի ստեղծագործութիւններէն եւ ասմունքեց հայրենասիրական բանաստեղծութիւն մը:
Սակայն ամենայուզիչ պահը, երբ բեմ բարձրացան հայուհի կանայք ու աղջիկներ եւ պարուսոյց Մերի Մանուկեանի գլխաւորութեամբ պարեցին «Լորկէ» ազգագրական պարը: Զուռնայի հզօր ձայնի եւ տհոլի ռիթմիկ զարկի տակ հայկական յաղթական պարը հայ համայնքին անգամ մը եւս ընձեռնեց յաղթողի բերկրանքը: