Վախճանեցաւ ԱՄՆ Ֆերահեան Վարժարանի Հիմնադիր-տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը
Կիրակի, 14 Ապրիլ, 2019-ին, վախճանեցաւ մեծ հայորդի մը՝ մանկավարժ, մտաւորական, ազգային հասարակական գործիչ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական վարժարան բանալու տեսիլքը եւ խիզախութիւնը ունեցող եւ առաջին վարժարանի՝ Ֆերահեանի հիմնադիր-տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը: