«Տնջրէ» Աւանդական Երգի ու Պարի Խումբը Արցախի Դպրոցներուն Մէջ Հանդէս Կու գայ Համերգային Ծրագիրով
«Տնջրէ» աւանդական երգի ու պարի խումբին նախաձեռնութեամբ եւ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, խուբը, կարեւոր համարելով ազգային մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը, Արցախի 15 դպրոցներուն մէջ հանդէս կու գայ համերգային ծրագիրով: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
«Տնջրէ» աւանդական երգի ու պարի խումբի պարուսոյց Մանուկ Յարութիւնեանի խօսքով՝ համերգային ծրագիրը սկսած է Ապրիլ 9-ին՝ Մարտակերտի շրջանի Առաջաձոր եւ Վանք գիւղերէն:
Յարութիւնեան նշած է, որ ծրագիրին ծիրէն ներս, խումբի անդամները կը ներկայացնեն հայ ազգային երգերն ու պարերը, ինչպէս նաեւ կը պատմեն անոնց յառաջացման պատմութիւնները, եւ կը բացատրեն պարերու կատարման ճիշդ շարժումներն ու ձեւերը:
Հանրապետութեան 15 դպրոցներուն ընտրութիւնը, ըստ Յարութիւնեանի, կատարուած է այնպէս, որ նկատի առնուած է անոնց մէջ «Ազգային երգ ու պար» նիւթը դասաւանդուիլը: Ընտրուած դպրոցներուն 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն մէջ նիւթը կ՝ուսուցանուի 2017-էն ի վեր:
Մ. Յարութիւնեան նաեւ ըսած է, որ ծրագիրը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: