Յունաստանի «Համազգային»-ի ձեռնարկը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Մանուկներու Յիշատակին
Որոշ նախաձեռնութիւններ կ��?արժանանան յատուկ ուշադրութեան՝ իրենց մտածումի, նպատակի եւ գործադրութեան ոճի խորհրդանշական բնոյթին պատճառով: Էութիւնն այն է, որ նախաձեռնութեան ներքին բնութագիրն ու բաղադրիչը իր մարդասիրական դիտաւորութենէն անդին, շարունակութիւնը կը կազմէ պատմական ողբերգութեան մը վկայակոչումին, որ կը վերապրեցնէ յուշը ու միաժամանակ իր պատգամները կը տարածէ քաղաքակիրթ հասարակութեան:
Բացատրենք:
Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Տոտէքանէզի (Երկոտասնեայ կղզիներու) մայրաքաղաք՝ թրքամերձ Ռոտոս կղզիի մասնաճիւղը՝ «Տիգրան-Երկաթ», 1915ի Ապրիլեան մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին, նախաձեռնեց հայկական սեղան մը սարքել կղզիի յատուկ կարիքի երեխաներու հաստատութեան պատսպարեալ պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց դաստիարակներուն ու հսկիչներուն համար: Սոյն հիւրասիրութեան ճաշերը սիրայօժարօրէն հոգացած էր Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, ընդառաջելով «Համազգային»ի հրաւէրին, հակառակ որ միութիւնը կը գտնուէր իր տարեկան սիրոյ պազարի եռուն օրերու նախապատրաստութեան մէջ:
Ճաշասեղանի ընթացքին կը սփռուէր հայկական երաժշտութիւն եւ իւրաքանչիւր սեղանի վրայ զետեղուած էր փոքրիկ Եռագոյն դրօշ մը, իսկ սրահին կեդրոնը «Համազգային»ի մեծածաւալ խորհրդանիշը:
Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղի նորընտիր ատենապետ ընկ. Վասիլի Պարտիզպանեան, որ խօսեցաւ միութեան, հայերու պատմութեան ու Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան մասին:
Յաջորդաբար պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ զուտ հայկական բովանդակութեամբ ու երաժշտութեամբ վիտէօ մը, որ ներկաներուն կը ծանօթացնէր մեր հայրենիքը իր տեսարժան ու բազմամշակութային տարբեր երեսներով: Ներկաները չափազանց գոհ մնացին վիտէօի ցուցադրութենէն, որ իրենց առջեւ կը բանար իրենց համար բոլորովին անծանօթ երկիր մը, իր պատմութեամբ ու հարուստ մշակոյթով:
Փոքրիկներուն նուիրուեցան յիշատակի նուէրներ: Տիկին Նիրեաննաքի եւս Avori հաստատութեան կողմէ նուէրներ բաժնեց պատանիներուն:
«Համազգային»ի այս նախաձեռնութիւնը գնահատանքի արժանացաւ Հարաւային Եգէականի Ընկերային Հոգատարութեան կեդրոնի տնօրէն պրն. Եաննի Մարինոյի կողմէ, որ հրապարակաւ իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց միութեան, այլեւ ելոյթը հիւրընկալող «Semiramis» պանդոկին ու անոր տիրոջ պրն. Վ. Պարտիզպանեանին:
Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ելոյթին երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերած երաժիշտ պրն. Եաննի Եաքումաքիին եւ իր երաժիշտ աշակերտներուն, որոնք հաճելի գեղարուեստական մթնոլորտ մը ստեղծեցին պանդոկի սրահին մէջ:
Ռոտոս կղզիի հաղորդակցական միջոցները (մամուլ, ռատիօ, հեռատեսիլ) անդրադարձան «Համազգային»ի տեղական այս նախաձեռնութեան ու այս առիթով գրութիւններ լոյս տեսան Հայոց Ցեղասպանութաեն 104րդ տարելիցին առիթով:
Յաջորդող ամիսներուն «Համազգային»ի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղը կը ծրագրէ կազմակերպել արիւնատուութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, Ռոտոսի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Իսկ ամրան ընթացքին Ռոտոսի Պոնտական միութեան համակազմակերպութեամբ ժապաւէններու շաբաթ, որու ընթացքին պիտի ցուցադրուին հայկական ժապաւէններ, յոյն ժողովուրդին ճաշակ մը տալու համար հայկական ֆիլմարուեստին շուրջ: Արդէն սկսած է ժապաւէններու ապահովման աշխատանքը:
«Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան ողջոյնի խօսքը
Ճաշի հիւրասիրութեան առիթով ներկաներուն ընթերցուեցաւ «Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան խօսքը, որ հայ ժողովուրդի հին թէ նորագոյն պատմութեան շուրջ ամփոփ անդրադարձ մը կատարելէ ետք, տեղեկութիւններ կը փոխանցէր համազգայնական միութենական կառոյցի, նպատակի, գործունէութեան ու մասնաճիւղներու մասին, ամբողջ Յունաստանի, այլեւ աշխարհի տարածքին:
Ողջոյնի խօսքի երկրորդ բաժնով ներկայացուեցաւ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը, որպէս օրուայ ելոյթի համակազմակերպող միութիւն, ծանօթութիւններ փոխանցելով ներկաներուն մեր բարեսիրական միութեան անցեալի ու ներկայի գործունէութեան մասին:
Այսպէս, Հ.Կ.Խաչը, որ հիմնուած է 1924-ին, կը գործէ 1926-էն, ընդարձակ ու բազմաճիւղ կրթական ու բարեսիրական աշխոյժ գործունէութեամբ: Կնոջական բարեսիրական մեր միութիւնը անվերապահօրէն մարդասիրական մեծ գործունէութիւն ծաւալած է 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Յունաստան ապաստան գտած հայ եւ յոյն ժողովուրդի գաղթականական բազմահազար մարդոց ու մանուկներուն, որ սովի ու տառապանքի հսկայական ալիքներով ընդունուեցան եղբայրակից ժողովուրդի հիւրընկալ գիրքին մէջ:
Բացի Հ.Կ.Խաչի պատրաստած ու Աթէնքէն Ռոտոս կղզի ուղարկուած համադամ ճաշերէն, մեր ընկերուհիներու ցուցմունքով որոշ հայկական ճաշեր ալ պատրաստուեցան կղզիի «Սեմիրամիս» պանդոկին մէջ, պանդոկի խոհարարապետին եւ տեղւոյն վարչութեան ընկերուհիներուն կողմէ, որոնց բոլորին շնորհակալական անկեղծ ու սրտակից խօսք ուղղուեցաւ:
Վարձքը կատար վարչութեան անդամներուն, որոնք նախորդ տարիներուն կազմուած մասնաճիւղը լուրջ հետեւողականութեամբ կը շարունակեն՝ Ռոտոսի եւ շրջակայ թրքամերձ կղզիներու բնակչութեան կը ծանօթացնեն հայ մշակոյթը, Հայ Դատը եւ հայութիւնը:
«Համազգային»ի թղթակից
Յունաստան