Երախտագիտութեան Խօսք Ֆրանսային. Եւրոպայի Հայերու Համագումար

Եւրոպայի հայերու համագումարն իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ֆրանսայի ժողովուրդին, նախագահ էմանուէլ Մաքրոնի հրամանագրով ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի օրացոյցին մէջ ներառելու համար` որպէս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Ֆրանսայի որոշումը համամարդկային քայլ է յանուն ժողովուրդներու նկատմամբ իրականացուող ցեղասպանութիւններու կանխարգելման եւ մասնաւորաբար` յանուն հայութեան անտեսուած եւ ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնման:

Եւրոպայի հայերու համագումար

Ուփսալա, Շուէտ

11.04.2019 թ.

Scroll Up