Ծանրորդ Յակոբ Մկրտչեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Պաթումի մէջ կ՛ընթանայ ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութիւնը: 89 քկ քաշայիններու պայքարին Հայաստան ներկայացուցին Յակոբ Մկրտչեանն ու Դաւիթ Յովհաննիսեանը:

Դաւիթ Յովհաննիսեան պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուց բոլոր մօտեցումը ի վերջոյ գլխավերեւը պահելով 165 քկ: Յովհաննիսեան այս ձեւին մէջ գրաւեց երրորդ տեղը` նուաճելով պրոնզէ մետալ: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչ Յակոբ Մկրտչեան 164 քկ արդիւնքով պոկում ձեւին մէջ 4-րդն էր: Հրում վարժութեան մէջ Յակոբ Մկրտչեան երկու մօտեցում կատարեց նախ բարձրացուց 201 քկ, յետոյ 207 քկ հրումի մէջ դառնալով ոսկէ մետալակիր, իսկ Յովհաննիսեան` 195 քկ: Երկամարտի 371 քկ արդիւնքով Յակոբ Մկրտչեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Դաւիթ Յովհաննիսեան 360 քկ արդիւնքով Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր է:

Scroll Up