Լոնտոնաբնակ Պատմաբան Արա Սարաֆեանի Այցելութիւնները Լիբանանի Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, լոնտոնաբնակ պատմաբան Արա Սարաֆեան, Ապրիլ ամսուան առաջին  շաբթուան ընթացքին կարճ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային Միութեան հրաւէրով եւ Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ շահեկան դասախօսութիւն մը տուաւ՝. «Յետադարձ  ակնարկ  դէպի  յառաջ… Հայերը  Օսմանեան  կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ» նիւթով:

Լիբանան կեցութեան ընթացքին, պատմաբան Արա Սարաֆեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան վարչութեան ընկերակցութեամբ կատարեց կարգ մը այցելութիւններ, ունեցաւ հանդիպումներ, աւելի մօտէն ծանօթանալով լիբանանահայ  գաղութին:

Ուրբաթ, 5 Ապրիլ առաւօտեան, Արա Սարաֆեան այցելեց ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ: Այս առիթով, վարժարաններու տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ հիւրին:

ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու տնօրէն Արա Վասիլեան բարի գալուստի խօսքէն ետք,  Արա Սարաֆեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մասին եւ  պատասխանեց իրեն յղուած  հարցումներուն: ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու տնօրէնութիւնը եւ ուսանողութիւնը ծաղկեփունջով մը պատուեցին սիրելի հիւրը, որմէ  ետք Արա Սարաֆեան, տեսչարանին մէջ  մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ տնօրէն Արա Վասիլեանին, ուսուցչական կազմի կարգ մը անդամներու հետ:

Ապա ան ուղղուեցաւ Ռատիօ Սեւան եւ  ընդառաջելով Ռատիօ Սեւանի տնօրէնութեան փափաքին, ուղղիղ սփռումով հարցազրոյց մը տուաւ, արծարծելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները, ժխտումի քաղաքականութեան դէմ  մարտավարութեան եղանակները, արմատներուն վերադարձող հայերուն իրավիճակը եւ այլն:

Հարցազրոյցը աւարտելէ ետք, պատմաբան Արա Սարաֆեան ուղղուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Ահրամճեան կեդրոնը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պարբերաթերթի  պատասխանատու խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանին  հետ:

Կէսօրէ ետք, պատմաբան Արա Սարաֆեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ  Շահէ Պապահեքեանի եւ վարչական պատասխանատու  Զաւէն Ղարիպեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Հայկազեան համալսարան: Անոր դիմաւորեցին Հայկազեան   համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փօլ Հայտսոթեանը, պատասխանատուներ, ուսուցչական կազմի անդամներ: Հայկազեան համալսարանի մէջ ընդունելութիւն մը կազմակերպուեցաւ  ի պատիւ  պատմաբանին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում:  Արա Սարաֆեան  նաեւ  շրջեցաւ  Հայկազեան   համալսարանին  շէնքերը:

Շաբաթ, առաւօտեան, Արա Սարաֆեան այցելեց Անթիլիասի  Մայրավանքը, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլկիոյ Արամ Ա. վեհափառին հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային  Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեանը, վարչական տոքթ. Շահէ  Փարթամեանը: Ապա  ան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Մատուռը:

Մայրավանքէն ետք, Արա Սարաֆեան այցելեց ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոն, ՀԵԸ-ի կեդրոնական  գրասենեակը, ուր պաշտօնէութեան  ծանօթանալէ  ետք, հարցազրոյց մը տուաւ  ՀԵԸ-ի մամլոյ պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեանին: Ան աւելի մօտէն իրազեկ  դարձաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մշակութային, երիտասարդական, համալսարանական, սկաուտական, մարզական գործունէութեան:

Շաբաթ, կէսօրին,  լոնտոնաբնակ  հիւրը բարձրացաւ  Զըմառու  վանք: Ջերմ ընդունելութեան միջոցին, ան ծանօթացաւ Վանքին պատմութեան, ապա այցելեց վանքին մատուռը,  թանգարանը, եկեղեցին, գրադարանը:

Այցելութիւններով եւ հանդիպումներով լեցուն ժամանակացոյցին վերջին ժամադրավայրը դարձաւ Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնի Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Որբերու Թանգարանը:

Երեկոյեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ  պատմաբան Արա Սարաֆեանին:

Արա Սարաֆեան  Լիբանանէն  մեկնեցաւ վառ յուշերով եւ  տպաւորութիւններով:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Scroll Up