Մամուլի բարոյական չարաշահումները
Մեր համալսարանական ուսանողութեան տարիներուն, Բարոյագիտական նիւթերու (ethics) դասախօսներէն մէկը՝ գեղեցիկ օրինակ մը տուած էր մարդկային միջոցները շինիչ նպատակներու կիրարկումը բացատրող.- «Դանակ մը տուէք ոճրագործի մը ձեռքը՝ տեսէք թէ ան այդ դանակը պիտի օգտագործէ ուրիշը սպաննելու: Նոյն դանակը տուէք ազնիւ եւ մարդկային առողջ սկզբունքներ ունեցող անհատի մը՝ պիտի տեսնէք թէ ան այդ դանակը պիտի գործածէ իր հացը կտրելու եւ կարիքաւորի մը բաժին հանելու համար»:
Խօսուն է օրինակը:
Նոյն է Մամուլի պարագան: Դժբախտաբար, ընկերութեան համար Մամուլը դարձեր է վնասակար զէնք մը…: Մամուլի ետին (տպագիր թերթ, դիմատետր կամ հեռատեսիլ) կը գտնուին անոնց տէրերը, հովանաւորները եւ անոնց հետապնդած նպատակները՝ ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրական կողմնապաշտութիւնը եւ «հաշիւներ մաքրելու» շահերը: Այսպէս է որ կ’օգտագործուին հանրային հաղորդակցութեան այսօրուան գրեթէ բոլոր միջոցները: Ասիկա պատճառ կը դառնայ անբարոյ չափազանցութիւններու, ցեխարձակումներու, չարախօսութիւններու, ուրիշները վատահամբաւելու եւ անճիշտ եւ անարդար վարկաբեկումներ կատարելու եւ անճիշտ տեղեկութիւններ փոխանցելու:
Մինչդեռ Մամուլի հիմնական նպատակն է ընթերցողներուն հրամցնել շինիչը, օգտակարը, առողջ բարոյականութեան մը ուղիները: «Մամուլի եւ խօսքի ազատութիւն» կոչուածը եղած է ոտնակոխ, ապաբարոյ: Մամուլի եւ Խօսքի ազատութիւնը չարաշահողները, ամէնէն առաջ, նախ իրենք պարտաւոր են յարգել մարդկային իրաւունքները եւ չսերմանել բամբասանք, զրպարտութիւն, անարգանք, ատելութիւն: Չտարածել վարկաբեկիչ եւ անճիշտ լուրեր եւ տեղեկութիւններ: Այդպիսիները, որոնք իրենք զիրենք «Հետազօտող Լրագրող» կը կոչեն, ետ նայելու են իրենց անցեալին եւ իրենց լրջութեան բացառիկ մէկ պահուն ամչնալու են իրենց «բարոյական» վարքագիծէն եւ յետոյ հրապարակ իջնեն եւ աժան քարոզչութիւն ընեն, բարոյական մաքրութիւն եւ վարքագիծ պահանջեն ուրիշներէն: Մամուլով տեղեկութիւններ հաղորդելու համար՝ կ’ակնկալուի ամբողջական ծանօթացում, աղբիւրներու վստահելիութիւն եւ չընել կամաւոր եւ դիտաւորեալ խեղաթիւրումներ՝ ի նպաստ Մամուլը հովանաւորողներուն եւ հաշիւ մաքրողներուն:
Մարդ այսքան դիւրի՞ն կը մոռնայ իր անցեալի բարոյազուրկ անկումները…:
«Ո՛վ որ ականջ ունի՝ թող լսէ»…:
Սեւան Պէրպէրեան