Իտալիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու՝ Թուրքիոյ Կոչ Ընող Բանաձեւը
2019-ի Ապրիլ 10-ին Իտալիոյ Խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որմով կոչ կ՛ուղղէ Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տալու միջազգային հնչեղութիւն, կը հաղորդէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Նախաձեռնութեան կողմ քուէարկած է 382 պատգամաւոր: Դէմ արտայայտուող չէ եղած, իսկ նախաձեռնութեան քուէարկութեան ձեռնպահ մնացած է 43 պատգամաւոր:
Քուէարկութենէն ետք բոլոր պատգամաւորները ծափողջոյններով ընդունած են որոշումը: