Սպանիոյ Թոլետօ Քաղաքին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Լուսանկարչական Ցուցահանդէս Բացուած է
Ապրիլ 2-26 Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքին մէջ բացուած է «Հայոց մշակութային ցեղասպանութիւնը. առաջ եւ յետոյ» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են մինչեւ ցեղասպանութիւնը եւ անկէ ետք հայ ժողովուրդի քրիստոնէական եւ մշակութային ժառանգութեան վիճակը պատկերող հին եւ նոր լուսանկարներ:
Ցուցահանդէսը ներկայացուած է Քասթիյա լա Մանչայ մարզի Տարածաշրջանային գրադարանի Պորպոն Լորենսանա սրահին մէջ, կը փոխանցէ tert.am-ը:
«Հայոց մշակութային ցեղասպանութիւնը. առաջ եւ յետոյ» լուսանկարչական ցուցահանդէսը կազմակերպած է Սպանիոյ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Թոլետոյի թեմի Քարիթաս կազմակերպութիւնը (Caritas Diocesana de Toledo)` Կրանատայի թեմի Քրիստոնէական Արեւելքի ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնի, Հայկական Ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող (RAA) հիմնադրամի եւ Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ:
Ցուցահանդէսը առաջին օրերուն արդէն ունեցած է մեծ թիւով այցելուներ: