Երեւանի Մէջ Մայիս 9-ին Կը Կայանայ «Հայաստանի Անմահ Գունդ» Քայլերթը

«Հայաստանի Անմահ գունդ» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւնը`  ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ յաղթանակներու օրուան` եռատօնի խորհուրդն եւ ատոր վերաբերեալ յիշողութիւնները սերունդներուն փոխանցելու նպատակով  մայիս 9-ին Երեւանի մէջ կ՛իրականացնէ «Անմահ գունդ» խորագիրով քայլերթ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայաստանի անմահ գունդ» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութենէն, ձեռնարկը պիտի մեկնարկէ մայիս 9-ին, ժամը` 13:00-ին, Երեւանի Արամ Խաչատրեանի յուշարձանին մօտէն: Քայլերթի մասնակիցներն, ինչպէս նախորդ տարիներուն, իրենց հետ պիտի տանին Հայրենական Մեծ պատերազմի, Արցախեան ազատամարտի եւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներու նկարները:

Քայլերթին պիտի մասնակցին ՀՀ ուսումնական հաստատութիւններու աշակերտներ եւ ուսանողներ, ՀՀ-ի մէջ ԱՊՀ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր այրեր, Հայրենական Մեծ պատերազմի մասնակից Հայաստանի մէջ բնակող վետերաններ եւ այլոք:

Քայլերթին նպատակն է` պահպանել  իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ Հայրենական Մեծ պատերազմի, Արցախեան ազատամարտի եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներու մասին յիշողութիւնը:

Scroll Up