Պատրիկ Ֆիորին, Հելէն Սեկարան Եւ Այլ Երգիչներ Հանդէս Կու Գան Ազնաւուրի 95-ամեակին Նուիրուած Համերգին

Հեղինակաւոր երգիչ Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակի կապակցութեամբ մայիս 26-ին Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ  համերգ տեղի պիտի ունենայ:

«Քեզ համար, Հայաստան» խորագիրը կրող երեկոյի ընթացքին հանդէս կու գան համաշխարհային ճանաչում վայելող սիրուած ֆրանսացի երգիչներ Պատրիկ Ֆիորին, Հելէն Սէկարան, Լէա Գաստելը, Սլիմանին, Քէյթ Ռայեան, Րաֆֆի Արտոն եւ այլք: Ֆրանսացի արուեստագէտներու կը նուագակցի Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեանի ղեկավարութեամբ:

 Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին  կը յայտնեն կազմակերպիչները, երգիչները պիտի կատարեն ստեղծագործութիւններ ոչ միայն Ազնաւուրի, այլեւ իրենց սեփական երգացանկէն: Պարային կամ այլ բեմադրութիւն պիտի չըլլայ: Բեմին վրայ պիտի տիրէ ազնաւուրեան ինքնատիպ մթնոլորտ: Երեկոյի ընթացքին կը նախատեսուին նաեւ այլ անակնկալներ:

 Համերգային ծրագիրը կ՛իրականացնեն «ArmCenter» ընկերութիւնը, «Աննա Գարոլինա փրոտաքշնը» եւ Ֆրանսայի «Շահբազեան» արտադրողական կեդրոնը: Համերգին տոմսերը հնարաւոր է ձեռք բերել tomsarkgh.am կայքէն:

Նշանաւոր ֆրանսահայ շանսոնյէ, երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուրը ծնած է 1924 թուականի մայիս 22-ին Փարիզի մէջ: Բազմաթիւ յայտնի գործերու հեղինակ եւ կատարող է: Վաճառուած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններն ամփոփող շուրջ 100 միլիոն ձայնապնակ: Ազնաւուրը եղած է Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը, ինչպես նաև Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը: Բազմիցս ելոյթներով հանդէս  եկած է հայրենիքի մէջ, ծաւալած հայանպաստ գործունէութիւն:

Scroll Up