Համազգայինի «Կարկաչ» Երգչախումբը Կրկին Պիտի Մասնակցի «Պէյրութ Չանթս» Երաժշտական Փառատօնին

Յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով` շաբաթ, 21  Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան  երգչախումբը «Պէյրութ Չանթս» փառատօնի ծիրին մէջ աւելի քան հարիւր անդամներով պիտի մատուցէ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգ մը` ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակահար Կամիլա Քէշիշեանի: Համերգին սրինգով պիտի նուագակցի նաեւ աշակերտուհի Լոռի Պիլալեան:

Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ այս տարուան յայտագիրը պիտի ընդգրկէ տօնական մթնոլորտ ստեղծող  նոր երգացանկ մը, ուր տեղ գրաւած են շարք մը հին եւ նոր խմբերգներ, որոնցմէ ոմանք իբրեւ նորութիւն  պիտի հնչեն առաջին անգամ ըլլալով, մինչ ուրիշներ արդէն դասականացած  աւանդական սիրուած երգեր են: Հայերէն երգերուն զուգահեռ պիտի կատարուին արաբերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով երգչախմբային յատուկ ու հետաքրքրական յօրինումներ եւ մշակումներ: Այս տարի յատուկ շեշտով տեղ պիտի տրուի աւանդական Ս. Ծննդեան «քարոլ»-ներու Լիբանանի մէջ ցարդ չհնչած մշակումներու:

Զաքար Քէշիշեան աւելցուց նաեւ, որ  յաջորդական վեց տարիներէ ի վեր Կեդրոնական Պէյրութի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցող «Պէյրութ Չանթս» փառատօնը անցեալ տարուընէ ի վեր ընդգրկուած է Եւրոպական երաժշտական փառատօններու ընկերակցութեան մէջ, որուն շնորհիւ ո՛չ միայն բարձրացած է անոր երաժշտական նշանակութիւնն ու հեղինակութիւնը, այլեւ տեղական իրենք զիրենք հաստատած արուեստագէտներու եւ երաժշտախումբերու կողքին սկսած են որակեալ եւրոպական երգչախումբեր ու մենակատարներ մասնակցիլ փառատօնին:

Խօսելով «Կարկաչ» երգչախումբի  յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին` Զաքար Քէշիշեան յայտնեց, որ 4 մայիս 2014-ին, երգչախումբը կը պատրաստուի մասնակցիլ նաեւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի «Զաքի Նասիֆ» փառատօնին, որ տեղի կ՛ունենայ ամսական մէկ համերգի դրութեամբ` նուիրուած լիբանանցի  մեծանուն երգահան  Զաքի Նասիֆի մահուան տասնամեակին: Զաքի Նասիֆ եղած է «Կարկաչ»-ի լաւագոյն բարեկամներէն մէկը եւ իր ներկայութեամբ մշտապէս քաջալերած է  անդրանիկ սերունդին ելոյթները: Ան նոյնիսկ մասնակցած է կարկաչականներու  պտոյտներուն եւ ընկերային հաւաքոյթներուն:

Յայտնենք, որ «Պէյրութ Չանթս» փառատօնը սկսած է 1 դեկտեմբերին եւ ամէնօրեայ համերգներով կը շարունակուի մինչեւ 23 դեկտեմբեր: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հետաքրքրուողներ կրնան այցելել www.beirutchants.com կայքէջը:

www.aztagdaily.com

Scroll Up