Գահիրէի Արաքս Երգչախումբի Համերգը Նուիրուած Երեւանի 2800-Ամեակին

17 Մարտ 2019-ին, «Պըլըքտանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արաքս» երգչախումբի տօնական-յոբելենական համերգը՝ նուիրուած Երեւանի 2800-ամեակին, ղեկավարութեամբ Միհրան Ղազէլեանի եւ նուագակցութեամբ դաշնակահար Սեւան Սեմէրճեանի: Համերգը կազմակերպած էր Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանը՝ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, իրենց ներկայութեամբ համերգը կը պատուէին նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Դերենիկ Աբեղայ Սահակեան, Արժանապատիւ Տ. Գրիգոր քահանայ Մուրատեան, Եգիպտոսի մօտ ՀՀ Դեսպան Նորին Գերազանցութիւն Տիար Կարէն Գրիգորեան եւ դեսպանատան անձնակազմը, Գահիրէի Պատկառելի Թեմական ժողովի ատենապետ Տիար Նուպար Սիմոնեան, Գահիրէի Պատուարժան Քաղաքական ժողովի ատենապետ Տիար Վահէ Բլատեան, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Ազգային Իշխանութեան յարգարժան անդամներ եւ անշուշտ համայնքիս երաժշտասէր հանրութիւնը։

Ժողովուրդներու կեանքէն ներս վճռական դեր ունեցած է անոնց կենսական միջավայրը՝ անձեռակերտ բնօրրան-բնաշխարհը եւ ձեռակերտ քաղաքներն ու բնակավայրերը։ Այդպիսին է նաեւ Արարատահայեաց մեր մայրաքաղաքի՝ Երեւանի պարագան հայոց պատմութեան մէջ։ Քսաներորդ դարուն իր առաւելագոյն բարգաւաճման ու զարգացման հասած Երեւանը աշխարհի այն քիչ մայրաքաղաքներէն է, որուն ձօնուած են այսքան գեղեցիկ եւ այսքան շատ երգեր։ Այդ երգերը (ժողովրդական, դասական, քաղաքային, հեղինակային, էսթրատային, ճազային եւ այլն) գերազանցապէս կը վերաբերին մեր վերջին հարիւրամեակի երգահաններուն՝ սկսեալ 20-րդ դարու սկիզբէն (Արամ Խաչատրեան) մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը (Ֆօրշ)։ Եւ բնական է, որ երգչախումբը անհամբերութեամբ կը սպասէր այս համերգին՝ բեմ հանելու համար երեւանաձօն այնքան սիրուած քնարական եւ աշխոյժ, գրաւիչ ու երազկոտ, միով բանիւ, այդ բազմաբնոյթ երգափունջը։

Համերգը սկսաւ բացման խօսքով, որ կատարեց Տաթեւիկ Գէորգեան։ Ան նախ խնդրեց մէկ րոպէ լռութեամբ յարգել երկարատեւ եւ ծանր հիւանդութենէ ետք 9 օրեր առաջ վախճանած Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի յիշատակը: Երգահանդէսի բացման Տաթեւիկ Գէորգեանի անկեղծ ու անմիջական խօսքը ոչ միայն անդրադարձ էր հայոց մեր նորօրեայ մայրաքաղաքի պատմութեանն ու ներկային, այլ նաեւ անոր հանդէպ իր, մեր եւ բոլորիս սիրոյ հաւաքական խոստովանութիւնը։ Համերգային զոյգ բաժիններու ընթացքին հնչեցին ամենատարբեր ոճի երեւանեան սիրուած երգերու 20 կատարումներ։ Ընդգրկուած էին 11 խմբերգ, 1 մեներգեցողական կատարում՝ երգչախումբին հետ, 3 մեներգ, 1 զուգերգ, 2 համութային կատարում՝ կանանց ութերգով, 1 դաշնամուրային մենանուագ եւ 1 մենապար։ Հնչած խմբերգներէն 8-ն ի սկզբանէ եղած են մեներգներ, որոնք առաջին անգամ «Արաքս» երգչախումբի կատարմամբ է, որ կը հանդերձաւորուէին որպէս քառաձայն խմբերգներ։

Առաջին բաժնին մէջ հնչեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Առաւօտեան Երեւան» եւ Ճեյմս Գօզալեանի «Իմ Նոր Երեւան» խմբերգները, Ալեքսանդր Աճեմեանի «Իրիկնային Երեւան», Արմէն Մանդակունեանի «Երեւան-Երեւան», Ռուբէն Հախվերդեանի «Սա Երեւանն է», Արտեմի Այվազեանի «Հէյ ճան Երեւան» եւ Արամ Խաչատրեանի «Գարուն Երեւան» երգերու խմբերգային մշակումները։ Սիլվա Թէրզիպաշեան մեներգեց Վաղարշակ Կոտոյեանի «Իմ Երեւան»-ը երգչախումբի ընկերակցութեամբ, Գոհար Ղազէլեան կատարեց Ալեքսանդր Դոլուխանեանի «Երեւանի Գիշերները», իսկ Վարդան Թէրզիպաշեան եւ Դանիէլ Գալալեան՝ Ֆօրշի «Զբօսանք Երեւանում»-ը։ Համերգի երկրորդ բաժնին մէջ ընդգրկուած էին Էդգար Յովհաննէսեանի «Երեւան-Էրէբունի» խմբերգը, Կոնստանտին Օրբելեանի «Իմ Երեւան», Առնօ Բաբաջանեանի «Մեր Սիրելի Երեւան», Ֆօրշի «Երեւանեան Վալս» երգերու խմբերգային մշակումները, Կոնստանտին Օրբելեանի «Երեւանը Եւ Գարունը Իմ Սրտում» երգը՝ Ռուբէն Սաատի մեներգեցողութեամբ, Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երեւան» երգը՝ Լալա Նիկոլեանի մեներգեցողութեամբ, Գոհար Գասպարեանի կատարմամբ Արտեմի Այվազեանի «Երեւան» երգի ձայնագրութիւնը՝ Ճուլիա Աւանեանի մենապարութեամբ, Մանէ Յակոբեանի «Երեւան Իմ Տուն» եւ Առնօ Բաբաջանեանի «Իմ Երեւան» երգերը համութային ութեակի կատարումով՝ մասնակցութեամբ Լուսածին Ղազէլեանի, Հռիփսիմէ Թէրզիպաշեանի, Մարիա Լաուանտիի, Ռիթա Կոտոլոշեանի, Թամար Սապրիի, Լիւսի Սանճեանի, Սիլվա Պաթանիի եւ Փաթիլ Պաթանիի։ Համերգի ընթացքին հնչեց նաեւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երեւանեան Ռափսոտիա» դաշնամուրային մենանուագը՝ դաշնակահար Սեւան Սեմէրճանի կատարողութեամբ։

Ուրախութեամբ պէտք է արձանագրել, որ «Արաքս» երգչախումբի հետ արհեստավարժ եւ փորձառու դաշնակահարի առաջին գործակցութիւնն էր այս, որտեղ ան դրսեւորեց մենակատար եւ նուագակցող դաշնակահարի իր հմտութիւնը, որով եւ մեծապէս նպաստեց համերգի յաջողութեան։ Տօնական երեկոյի աւարտին, ժողովուրդի պահանջով, կրկնուեցաւ Արամ Խաչատրեանի «Գարուն Երեւան»-ը՝ դառնալով համերգին շքեղ եզրափակումը։

ԴԻՒԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԳԱՀԻՐԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Scroll Up