Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը Կը Կազմակերպէ Ուխտագնացութիւն
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութեան (ՀԵՄ) վարչութիւնն ապրիլ 13-ին` Սուրբ Յարութեան տօնին ընդառաջ, իր անդամներու, սկաուտներու եւ գայլիկներու համար պիտի կազմակերպէ ուխտագնացութիւն դէպի Խաչի ճանապարհ, ուրկէ անցած է Յիսուս Քրիստոսը:
Ուխտաւորները Սիոնի Դռնէն պէտք է մեկնին Առիւծի դուռ` սկսելով քայլերթը: Անոնց պիտի միանայ Բարեշնորհ Աշոտ սարկաւագ Ղազարեան, որ այցելած վայրերուն մասին համապատասխան բացատրութիւններ պիտի տայ: