Քիեւի ՄԷջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած են Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուածներուն Յիշատակին
Յիշատակի աղօթք, ծաղիկներու խոնարհում, մոմավառութիւն. Քիեւի մէջ յարգած են Ապրիլեայ պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը, կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը:
Ձեռնարկները տեղի ունեցած են Քիեւի կեդրոնին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ:
Կայքը կը նշէ, որ յարգանքի տուրքը մատուցելու եկած էին Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահի տեղակալներ Դաւիթ Մկրտչեան եւ Արմէն Վարդանեան, Քիեւի հայկական համայնքի ղեկավար Նորիկ Գէորգեան, հայկական եկեղեցւոյ սպասաւորներ եւ այլք:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք (Հայր Գէորգ Աբեանի մատուցմամբ) դեսպան Տիգրան Սէյրանեան դիմած է ԶԼՄ-ի եւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Ձեռնակները տեղի ունեցած են Ուքրանիոյ հայ երիտասարդներու միութեան նախաձեռնութեամբ:
Ինչպէս յայտնի է, Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը` Վիլէն Շատուորեանի գլխաւորութեամբ, դարձած է միակ համաուքրանական կազմակերպութիւնը, որ կը միաւորէ երկրին մէջ գործող բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները: