ՀՀ Նախագահ Սարգսեան Հանդիպած Է Յորդանանահայ Համայնքին Հետ

Աշխատանքային այցով Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան  մէջ գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ապրիլ 6-ի երեկոյեան հանդիպած է Յորդանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, դիմելով տեղի հայերուն` նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Այն փաստը, որ մենք կ՛ապրինք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, սփռուած ենք աշխարհի տարբեր մասերու մէջ, գուցէ ոչ թէ թերութիւն է, այլ ընդհակառակը` առաւելութիւն, որովհետեւ մենք աշխարհի այն քիչ ժողովուրդներէն ենք, որոնք կրնան շատ յստակ ըսել. մենք փոքր պետութիւն ենք, բայց համաշխարհային ազգ»:

Նախագահին խօսքով` «Մենք բոլորս հայ ենք եւ ունինք պարտականութիւն` ծառայելու մեր հայրենիքին»: Հպարտութեամբ նշելով, որ Յորդանանի հայ համայնքը լիովին ընդելուզուած է երկրի կեանքին մէջ` նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Սա շատ էական է: Մեր բոլոր համայնքներուն մէջ մեր հայրենակիցները պէտք է հետեւին մեծ երգիչ եւ երգահան Շառլ Ազնաւուրի օրինակին, որ միշտ կ՛ըսէր` ես հարիւր տոկոսով հայ եմ եւ հարիւր տոկոսով ֆրանսացի:Սա այն ձեւն է, որմով մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ապրի Սփիւռքի մէջ: Ըլլալ հարիւր տոկոսով յորդանանցի` լիովին ներգրաւուած այս երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեանքին եւ միաժամանակ հարիւր տոկոսով հայ: Սա է յաջողութեան բանաձեւը»:

Նշելով, որ Յորդանանի թագաւորական ընտանիքը պատմականօրէն միշտ ալ աջակից  եղած է եւ ջերմ վերաբերմունք ունեցած հայ ժողովուրդին նկատմամբ` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ ատոր վկայութիւնն է նաեւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդ Իպն Ալ-Հուսէյն Ալ-Հաշիմիի հետ իր հանդիպումը: «Մենք ունեցանք շատ ջերմ զրոյց: Քննարկեցինք մեր երկու ժողովուրդներու պատմութիւնն ու երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները` նկատելով, որ հսկայական ներուժ ունինք տարբեր ոլորտներու մէջ: Մեր երկու երկիրներն ունին բազմաթիւ ընդհանրութիւններ, հարուստ չըլլալով բնական պաշարներով` Հայաստան եւ Յորդանան կարեւոր կը նկատեն ու կը գնահատեն մարդկային պաշարը»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուցած. «Մեր լաւագոյն բնական հարստութիւնը դուք էք` հայ ժողովուրդը»:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ 21-րդ դարուն ամենաթանկ արժէքը պիտի ըլլայ ստեղծագործ մարդը: «Ես վստահ եմ, որ 21-րդ դարը մեր` հայերու դարը պիտի ըլլայ, որովհետեւ մենք ստեղծագործ ժողովուրդ ենք, մեր ճանապարհը մտքի հզօրութեան, մտքի արժէքի ճանապարհն է», – ըսած է ան:

Նախագահ Սարգսեան յորդանանահայերուն նաեւ տեղեկացուցած է, որ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդ Իպն Ալ-Հուսէյն Ալ-Հաշիմին հրաւիրած է այցելելու Հայաստան:

Scroll Up