ՀՀ Վարչապետին Կինը Ապրիլ 7-ը Նշեց Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին ՄԷջ
Հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեան, Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրը նախընտրած էր անցնել Պըրպէնքի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ եւ ստանալ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, բարձրաշնորհ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութիւնը:
1995 թ.-էն ազգային տօնացոյցին մէջ տեղ գտած յիշատակութիւնը, որ կ՛ամփոփէ նաեւ կանանց միամսեակը, ունի աստուածաշնչեան ծագում եւ եկեղեցին այն կը տօնախմբէ որպէս «Աւետումն սրբուհւոյ Աստուածածնի»:
Ինչպէս Լոս Անճելըսէն «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույեան, օրը, բացի սուրբ գրային ու ազգային յագեցուածութենէն, լի էր նաեւ իւրօրինակ խորհուրդով: Աննա Յակոբեան իր խոնարհ ու համեստ կեցուածքով աղօթակից դարձաւ ներկայ բազմահարիւր, հայրենակարօտ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ առիթ ունեցաւ վայլելու առաջնորդ, Յովնան Սրբազանի ոգեշնչող ու հոգեշեն պատգամը` արժանանալով նաեւ անոր օրհնութիւնը: Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ հիւպատոսութեան, հայ համայնքի, ՀԲԸՄ եւ ազգային այլ կառոյցներու ղեկավարներ:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` նուիրուած Քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն, Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք, հոգելոյս Տ.Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի, ՀԲԸՄ նախկին նախագահ Լուիզ Սիմոն Մանուկեանի յիշատակին:
Աւարտին Աննա Յակոբեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ Յովնան սրբազանին` եկեղեցանուէր ու ազգային, անուրանալի ծառայութեան համար: