Հայ Մարզիկը Յաղթած Է Թուրք Մրցակցին Եւ Յաղթանակը Նուիրած Ապրիլեան Պատերազմի Հերոսներուն. տեսանիւթ

Հայ մարզիկ Սարգիս Պետրոսեան նուաճած է Յունաստանի մէջ կայացած «Adrelanin Explosion  WKF  Mediterranean Championships» քիքպոքսինկի մրցաշարի յաղթողի կոչումը:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով  Русарминфо-ին, կը յայտնէ, որ գիւմրեցի մարզիկը կիսաթեթեւ քաշային կարգին մէջ հիանալի մենամարտ  մղած է` յաղթելով թուրք մրցակից Եասին Եաւաշին:

Իր այս յաղթանակը Սարգիս Պետրոսեան նուիրած է 2016 թուականի Ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինուորներուն:

Պետրոսեանի եւ Եաւաշի միջեւ մրցամարտը մրցաշարի գլխաւոր իրադարձութիւնը եղած է:

Scroll Up