ԱՄՆ Քոլորատօ Նահանգը 2019-ի Ապրիլը «Ցեղասպանութեան Իրազեկման Ամիս» Հռչակած է

ԱՄՆ-ի Քոլորատօ նահանգի նահանգապետ Ճարէտ Փոլիս ստորագրած է 2019-ի Ապրիլը «Ցեղասպանութեան իրազեկման ամիս» յայտարարելու մասին հռչակագիր: Այլ ցեղասպանութիւններու կողքին, հռչակագիրին մէջ նշուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբին տեղեկութիւններով՝ հռչակագիրով կ՝ընդգծուի ցեղասպանութեան հարցերով կրթութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՝ուղղուի ոճրագործներուն, որոնք մինչ այժմ կը հերքեն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնը: