Ճեք Հաճինեան Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետ Կ՛ընտրուի

Ասպարէզ- Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդը քաղաքապետ ընտրած է Ճեք Հաճինեանը։ Քաղաքապետի պաշտօնը մօտաւորապէս 7 ամիս թափուր մնացած էր, որովհետեւ նախկին քաղաքապետ Վընըսա Տելկատօ հրաժարած էր, մասնակցելու համար նահանգային Ծերակոյտի ընտրութիւններուն։ Այս միջոցին, Հաճինեան դարձած էր քաղաքապետի պաշտօնակատար։

Քաղաքին տարբեր յանձնաժողովներու եւ բաժանմունքերուն մէջ աշխատելու կողքին, Հաճինեան, եղած է նաեւ Քալիֆորնիոյ քաղաքներու միութեան Բնակարանային, համայնքային եւ տնտեսական զարգացման յանձնախումբի փոխատենապետ, ինչպէս նաեւ Սան Կապրիէլ հովիտի ու «Կէյթուէյ» քաղաքներու կառավարութեանց վարչական խորհուրդներուն անդամ։

Իբրեւ Մոնթեպելլօ քաղաքի երկարամեայ բնակիչ, Հաճինեան գործօն մասնակցութիւն բերած է թէ՛ քաղաքի տնտեսական ու քաղաքական աշխատանքներուն, եւ թէ հայկական համայնքէն ներս գործող կազմակերպութեանց աշխատանքներուն։ Ան եղած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան գանձապահը ու Մոնթեպելլօ-Ստեփանակերտ քոյր քաղաքներու մարմինի անդամ:

Scroll Up