«Թեւանիկ»-ը Համակարգիչներ Կը Նուիրէ Արցախի Դպրոցներուն

Պարսկահայերու «Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Ապրիլի սկզբները դարձեալ Արցախ ժամանեցին՝ բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելու առաքելութեամբ: Բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Արցախի շարք մը գիւղերու դպրոցներու համար բերած էին համակարգիչներ եւ մարզանքի պարագաներ: Այս մասին կը հաղորդէ “Ապարաժ”-ը։

Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար՝ 2 Ապրիլին կազմակերպութեան անդամները այցելեցին Մարտունիի Ննգի, Կաղարծի, Հաղորտի, Վարանդա եւ Մուշկապատ գիւղերը՝ նշեալ դպրոցներուն համար նախատեսուած համակարգիչներով եւ մարզանքի պարագաներով:  Այցելութիւնը նպատակ ունէր նաեւ աւելի մօտէն ծանօթանալ Արցախի դպրոցներու հարցերուն:

«Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութեան պատասխանատու Իւետ Դանիէլեան ներկայացուց կազմակերպութեան ստեղծման նպատակը: Կազմակերպութեան բոլոր աշխատանքները կը համադրուին ՀՅԴ Արցախի կառոյցին եւ ՀՕՄի Արցախի միաւորին հետ:

Կը նախատեսուի Արցախի դպրոցներու եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու 100 համակարգիչներ նուիրել:

Scroll Up