Յիշատակի Երեկոյ Թայլանտի ՄԷջ` Նուիրուած Շառլ Ազնաւուրին

Թայլանտի «Ալիանս Ֆրանսեզ»-ի նախաձեռնութեամբ (Alliance Franջaise) մարտ 23-ին տեղի  ունեցած է յիշատակի երեկոյ` նուիրուած հայ աշխարհահռչակ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրին: Որպէս պատուաւոր հիւրեր` ձեռնարկին ներկայ  եղած են նաեւ Թայլանտի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները:

Ինչպէս կը հաղոդէ «Հայերն այսօր»-ը, երեկոյի ընթացքին «Ալիանս Ֆրանսեզ»-ի երիտասարդ աշխատակիցները երգած են Ազնաւուրի յայտնի ստեղծագործութիւնները, զուգերգները, ներկայացուցած են  անոր` նաեւ որպէս դերասան, բանաստեղծ, երգահան, խօսած մարդկային բարձր յատկանիշներու մասին` բազմիցս շեշտելով անոր հայ ըլլալը եւ Հայրենիքի նկատմամբ ունեցած բացառիկ վերաբերմունքը:  Օտար հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցած է ծանօթանալու նաեւ երգիչի կեանքին եւ գործունէութեան:

Ձեռնարկին աւարտին բեմ  հրաւիրուած են հայկական համայնքի ներկայացուցիչները,  որոնք կրած են «Mercy, Aznavour» շապիկներն ու գլխարկները: Անոնք երախտագիտութեան խօսք ըսելով մեծ հայուն նուիրուած ձեռնարկը կազմակերպելու համար` «Ալիանս Ֆրանսեզ»-ի աշխատակիցներուն շապիկներ ու գլխարկներ  նուիրեցին` ի նշան հայ-ֆրանսական բարեկամութեան:

Scroll Up