«Կամք»-ի Հաւաքածոն` Թուայնացուած

«Ազդակ- »Մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, որ Փարիզի մէջ 1985-էն 2002 լոյս տեսած «Կամք» օրաթերթի հաւաքածոն ամբողջովին թուայնացուած է: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Ազդակ»-ի բարեկամներէն Յակոբ Ենիգոմշեանին, որ ո՛չ միայն ամբողջական հաւաքածոն տրամադրեց «Ազդակ»-ին, այլ նաեւ իրականացուց անոր փոխադրութիւնը Փարիզէն Պէյրութ:

Սփիւռքահայ մամուլի թուայնացուած տարբերակներու շարքը կը համալրուի նոր հաւաքածոյով: Իսկ «Կամք»-ի տպագիր օրինակներու ամբողջութիւնը մաս կը կազմէ արդէն մեր գրադարանին:

Scroll Up