Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով Եւ Համերգ Պըրպենքի Մէջ

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութամբ, Ապրիլ 6-ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ, կը կազմակերպուի ընդգրկուն ձեռնարկ՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

«Վերագտնենք մեր հաւատքը փոփոխուող աշխարհի մէջ» խորագիրի ներքոյ իրականացուող հանդիսութիւնը ունի լայն ու բազմաբնոյթ ծրագիր:

Բացումը պիտի իրականացուի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի բացման խօսքով եւ շաբաթօրեայ դպրոցներու սաների երգեցողութեամբ:

Ապա, գիտաժողովին ընթացքին, Կոմիտասի կեանքի ու գործունէութեան տարբեր կողմերը բացայայտող ելոյթներ պիտի ունենան հոգեւորականներ եւ մտաւորականներ, ինչպէս՝ Վազգէն քհնյ. Պոյաճեան («Կոմիտաս վարդապետը իբրեւ հոգեւորական»), Յովնան արք. Տէրտէրեան («Կոմիտասեան պատարագը»), Վաչէ Մանկրեան («Հայ երգի հանճարը՝ Կոմիտաս վարդապետ»), Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեան («Կոմիտաս վարդապետը իբրեւ հայ ինքնութեան բացայայտող»), Հայկ Մադոյեան («Կոմիտասի կերպարի բացայայտումը ըստ անոր նամակներուն»):

Յայտագիրին երկրորդ կարեւոր մասով, երեկոյեան ժամ 6:30-ին, տեղի պիտի ունենայ համերգ՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Վէմ» կամերային նուագախումբին, Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ «Շնորհալի» երգչախումբին եւ Վաչէ Մանկրեանի դաշնամուրային կատարումներով: Պիտի ներկայացուին Կոմիտասի երգերու գործիքային եւ երգչախմբային մշակումներ:

Ողջ յայտագիրի տոմսին արժէքը սահմանուած է 35 տոլար, իսկ միայն համերգինը՝ 20 տոլար:

Ընդմիջումներուն պիտի ըլլան հիւրասիրութիւններ:

Scroll Up