Գիւմրիի Քաղաքապետարանը Դիմած է Քաղաքի Միջուկը UNESCO-ի Պահպանման Տարածքին Մէջ Ընդգրկելու Խնդրանքով

Գիւմրիի քաղաքապետարանը դիմած է UNESCO-ի ղեկավարութեան՝ քաղաքի միջուկը այդ միջազգային կազմակերպութեան պահպանման տարածքին մէջ ընդգրկելու խնդրանքով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, օրերս, լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ, նշած է Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան՝ տեղեկացնելով, որ տակաւին պատասխան չեն ստացած:

Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս Գիւմրիի «Կումայրի» արգելոց-թանգարանի տարածքին մէջ ընդգրկուած շինութիւններուն, որոնց մեծ մասը վթարային է եւ ունի վերականգնման կարիք:
Նոյն խնդիրով, 2018 Նոյեմբեր 13-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Փարիզի մէջ, UNESCO-ի կեդրոնակայանին մէջ, խօսած էր կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլայի հետ՝ միջազգային կառոյցի ուշադրութիւնը հրաւիրելով քաղաքի հնագոյն եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան վրայ եւ ներկայացնելով պատմաճարտարապետական արժէքաւոր շինութիւնները:

«Դեռ կը սպասենք: Գործընթացը շատ երկարատեւ է՝ կ՝ըսեն նոյնիսկ մինչեւ 5 տարի կը տեւէ, մինչեւ վերջնական հաստատումը: Եթէ դրական արձագանգ ստանայ այս առաջարկը, ուստի ատիկա քաղաքի պատմական միջուկի պահպանման լաւագոյն լուծումներէն պիտի ըլլայ»,- նշած է քաղաքապետը:

Scroll Up