Գրական Չորս Յոբելեան Եւ Չորս 150-Ամեակներու Նշում Երեւանի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Երեւանի «Թէքէեան Կենտրոն» Հիմնադրամի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Ծաղիկ» Գրական Ազգային շաբաթաթերթի, Յովհաննէս Թումանեանի, Կոմիտասի, Երուանդ Օտեանի եւ Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած գրական գեղարուեստական երկու հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան Երեւանի «Թէքէեան Կենտրոն»ի («Խանջեան» 50) մեծ սրահին մէջ՝ Շաբաթ, 6 Ապրիլ եւ Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ուր ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր:

Ուշագրաւ է, որ անցեալ Հոկտեմբերին, Հայ «Բանաստեղծութեան Իշխան» Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ին ամեակին նուիրուած գրական յաջող միջոցառումը եւս տեղի ունեցած էր նոյն վայրին մէջ՝ «Թէքէեան Կենտրոն» Հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» Գրական Ազգային շաբաթաթերթի, որ այս անգամ Երեւանի մէջ յիշեալ միջոցառումներու ընթացքին պիտի նշէ նաեւ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը՝ կատարելով գրական թերթի 2019-ի հարուստ Բացառիկ հատորի գինեձօնը:

Շաբաթ, 6 Ապրիլի երեկոյեան, գրական գեղարուեստական յայտագիրը յագեցած պիտի ըլլայ մասնաւորապէս «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի եւ անզուգական կոմպոզիտոր ու երաժշտագէտ Կոմիտասի վաստակին նուիրուած բանախօսութիւններով: Թումանեանի մասին բանախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ գրականագէտ, գրաքննադատ եւ բանասէր Սերժ Սրապիոնեան, իսկ Մհեր Նաւոյեան՝ կոմիտասագէտ, արուեստագիտութեան դոկտոր եւ Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտի գիտխորհուրդի նախագահը ելոյթ պիտի ունենայ Կոմիտասի կեանքին ու ծանրակշիռ վաստակին մասին:

Յատուկ այս առիթով Պոլիսէն հրաւիրուած է անուանի արուեստագիտուհի, Հայ «Ասմունքի Իշխանուհի» Սիլվա Կոմիկեան, որ ասմունքի կատարողութեամբ հանդէս պիտի գայ ներկայացնելով յատկապէս Թումանեանի գոհար ստեղծագործութիւներէն եւ այլ մեծանուն գրողներէ գրական կտորներ: Երաժշական յայտագրի բաժինը կ’ընդգրկէ «ԱՐԱՏՏԱ» Հայ խօսք ու երգի համոյթի ելոյթները՝ մասնակցութեամբ խումբի անդամներու՝ Հայկուշ Յակոբեանի (ֆլիւթ), Շողեր Միրզոյեանի (ջութակ), Յովհաննէս Օգանեզովի (թաւջութակ) եւ Նունէ Դանիէլեանի, որոնց կ’առաջնորդէ մեներգիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Արսէն Համբարեան:

Յայտագրին մէջ ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ հանդիսութեան հովանաւոր, «Թէքէեան Կենտրոն» Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան եւ կազմակերպիչ «Ծաղիկ» Գրական Ազգային հանդէսի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան: Աւարտին, տեղի կ’ունենայ «Ծաղիկ» 2019 Բացառիկ հատորի գինեձօնը եւ հիւրասիրութիւն:

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլի երեկոյեան, գրական գեղարուեստական յայտագիրը նուիրուած պիտի ըլլայ արեւմտահայ վիպագրութեան գագաթներէն, այլեււ երգիծագրութեան հսկաներէն Երուանդ Օտեանին, որուն մասին պիտի բանախօսէ գրականագէտ ու պատմագէտ, բանասէր, Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի տնօրէն Դոկտ. Կարօ Վարդանեան: Օտեանի կողքին, մեծանուն թատերագիր ու մանկավարժ Լեւոն Շանթի գրական հարուստ վաստակի մասին խօսք պիտի արտասանէ գրականագէտ եւ գրաքննադատ Սերժ Սրապիոնեան:

Բանախօսութիւններու առընթեր, հանդիսութիւնը պիտի ընթանայ կրկին Սիլվա Կոմիկեանի կատարողութեամբ ասմունքի ելոյթով, նաեւ երաժշտական յայտագրի մատուցմամբ՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցի «Ժողովրդական Գործիքներու Համոյթ»ով, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար ունենալով Նունէ Դանիէլեանը:

Արդարեւ, բարձրորակ ու բարձրամակարդակ գրական գեղարուեստական յայտագրեր, համատեղ չորս յոբելեան եւ չորս 150-ամեակ Հայ ազգի մեծերու, որոնց յետագային ալ անդրադառնալու առիթ կ’ունենայ հայաստանեան եւ սփիւռքահայ մամուլն ու լրատուամիջոցները:

Scroll Up