Լիբանանահայ Գրիգոր Ճապոտեան Յաղթող Ճանչցուած Է «Fashion Trust Arabia» Մրցոյթին

Նախորդ շաբաթ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կայացած է «Fashion Trust Arabia» մրցոյթը, որուն նպատակն է աջակցիլ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մոտելագործներուն: Մրցոյթը կայացած է 5 անուանակարգերով: «Լաւագոյն երեկոյեան զգեստ» անուանակարգին մէջ յաղթող  ճանչցուած է  լիբանանահայ տիզայնըր Գրիգոր Ճապոտեան:

«Ես իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ այս անհաւանական նախաձեռնութեան համար, մենք շատ երախտապարտ ենք, որ ստացած ենք այս մրցանակը»,- «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է Գրիգոր Ճապոտեան` միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր կազմակերպիչներուն եւ երեկոյին մասնակից ձեւաւորողներուն:

Երեկոյին ներկայ  եղած են Նաոմի Քեմպլը, Ալեքսանտրա Ամպրոսսիոն եւ Նաթալիա Վոտեանովան, իսկ տիզայնըրներ Վիտորիա Պեքհեմը եւ Փիերպաոլօ Փիչչոլին ընդգրկուած եղած են ժիւրիի կազմին մէջ:

Գրիգոր Ճապոտեան ծնած է Պէյրութ: Անոր նախնիները Սիսէն են եւ քաղաքին մէջ բարձրակարգ ոսկերիչներու համբաւ ունեցած են: Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուելով` անոնք հաստատուած են Լիբանան եւ ընտանեկան աւանդոյթները շարունակած արդէն Պէյրութի մէջ:

Գրիգոր Ճապոտեան, որ դեռ մանկութենէն սէր  ունեցած է արուեստի նկատմամբ, իր քայլերը դէպի համաշխարհային նորաձեւութիւն սկսած է Պէյրութի Արուեստի եւ նորաձեւութեան հմտութիւններու աւագ դպրոցին մէջ (l’Ecole Superieure des Arts et techniques de la Mode in Beirut)` ուսումնասիրելով ձեւի եւ արուեստի հիմունքներ: Այն աւարտելէ յետոյ երիտասարդ ու տաղանդաւոր մասնագէտին աշխատանքի առաջարկ կ՛ընէ յայտնի մոտելաւորող Էլի Սաապը: Ձեռք բերելով հմտութիւններ` Գրիգորը ձեռնամուխ կ՛ըլլայ իր սեփական ապրանքանիշը ստեղծելուն: Անոր հաւաքածուներուն մէջ տեղ կը գրաւեն յատկապէս նրբաճաշակ երեկոյեան եւ հարսանեկան զգեստները:

«Իմ մասնագիտական յառաջընթացին  մեծապէս օգնած է ինծի  հօրս աշխատանքներով ոգեշնչուիլը: Ես մանկութենէս կը սիրէի ժամերով հետեւիլ, թէ ինչպէս  ան իր արհեստանոցին մէջ կ՛աշխատի. հայրս ոսկերիչ-ձեւաւորող է»,- հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ նշած է Գրիգոր Ճապոտեան:

Scroll Up