Միւնխէնի «Անուշ» Հայկական Կեդրոնին Մէջ Կը Նշուի Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Տօնը

Գերմանիոյ Միւնխէն քաղաքի «Անուշ» հայ֊ գերմանական պարի եւ մշակոյթի կեդրոնը (հիմնադիր-տնօրէն Անոյշ Չախալեան) ապրիլ 7-ին կը կազմակերպէ ձեռնարկ` նուիրուած Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, երեկոյին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ կեդրոնի տարբեր դասարաններու եւ խումբերու սաները: Հանդիսատեսի հետ պիտի զրուցէ կեդրոնի ուսումնական բաժինի վարիչ` Հ. Զօրոյեան:
Ձեռնարկին աւարտին ներկաները պիտի հանդիպին Գերմանիոյ բռնցքամարտի բազմակի ախոյեաններ` Յովիկ Պեպրահամն ու Վարդան Աւետիսեանը:
Աւելցնենք, որ ապրիլ 7-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Ս.Մարիամ Աստուածածնայ Աւետման տօնը: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսն այդ օրը հռչակած է որպէս մայրերու եւ մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց օրհնութեան օր: Ապրիլ 7-ին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս.Պատարագ կը մատուցուի եւ յղի կանանց օրհնութեան կարգ կը կատարուի: