Մենք Մեր Պատմական Պարտքը Կը Վերադարձնենք Սուրիոյ Ժողովուրդին. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկած է իր ինքնիշխանութեան եւ պատմական առաքելութեան նկատառումներով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը, Ազգային ժողովին կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներու վերաբերեալ զեկոյցի քննարկման ծիրէն ներս  ունեցած եզրափակիչ ելոյթին այս մասին ըսաւ  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Եթէ մեր բժիշկը այնտեղ փրկած է մէկ մարդու կեանք, որուն պապը 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր  հայրենակիցին օգնած է,  կտոր մը հաց  տուած կամ  բաժակ մը ջուր, ես անով կը համարեմ, որ մենք մեր պատմական պարտքը կը վերադարձնենք Սուրիոյ ժողովուրդին: Եթէ ականազերծուող տարածքին մէջ, ուր երեխաներ կը վազվզեն եւ կը խաղան, մեր մասնագէտները 100 քառակուսի մեթր տարածք կը բանան այն մարդոց թոռներուն համար, որոնք ժամանակին ապաստան  տուած են Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր հայրենակիցներուն, ես կը համարեմ, որ սա պատմական առաքելութիւն է, որ մենք կ՛իրականացնենք Սուրիոյ մէջ: Ունի՞ վտանգներ այդ առաքելութիւնը, ի հարկէ, ունի: Բայց ան կը մեծցնէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու միջազգային մասնիկ ըլլալու ընկալումը»,- ընդգծեց Փաշինեան:

Անոր գնահատմամբ` Սուրիոյ մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւնը բարոյապէս, մարդկայնօրէն եւ քաղաքականապէս ճիշդ առաքելութիւն է:

Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով փետրուար 8-ին մարդասիրական ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնն ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը, ընդհանուր` 83 անձ, ժամանած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն` Հալէպ: «Հայ մասնագէտները Հալէպի բացառապէս ռազմական գործողութիւններէն զերծ բնակավայրերու մէջ կը ծաւալեն մարդասիրական ականազերծման, բնակչութեան հակաականային իրազեկման, բժշկական ծառայութիւններու մատուցման մարդասիրական գործունէութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու որոշումը կայացուած է` հաշուի առնելով Սուրիոյ մէջ եւ յատկապէս Հալէպ քաղաքին մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած հումանիտար ծանր վիճակը, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի 2017 թուականի № 2393 եւ 2018 թուականի № 2401 բանաձեւերը, սուրիական կողմի գրաւոր խնդրանքները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ մեծաթիւ հայկական համայնքի առկայութիւնը»,-նշած է ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Scroll Up