Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Եռեակը Հմայեց Օտար Հանդիսատեսը

Ազդակ- Կազմակերպութեամբ Լիբանանեւգերմանական մշակութային կեդրոնին (Kulturzentrum) եւ գործակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, չորեքշաբթի, 27 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ճիւնիի Լիբանանեւգերմանական դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարձրորակ համերգ մը` կատարողութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի Եռեակին, Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնակ, Յովհաննէս Գարախանեան` ջութակ, Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ:
Կազմակերպիչ կողմին անունով Սամեր Սաատէ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Եռեակի անդամներուն:
Երեկոյին ընթացքին հնչեցին Պեթհովենի «Թրիօ թիւ 3»-ը, Լալոյի «Թրիօ թիւ 1, օփիւս 7»-ը եւ Խաչատուրեանի «Վալս», «Օրօր» եւ «Ռոմանս» կտորները, որոնք մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:
Սրահը լեցուցած լիբանանցի, հայ թէ օտար հիւրերը իրենց երկարատեւ ծափերով արտայայտեցին իրենց հիացումը` ի տես գեղեցիկ եւ բարձրորակ կատարումներուն:
Նշենք, որ գնահատելով Եռեակին աշխատանքներն ու գործունէութիւնը, «Պանք օֆ Պէյրութ» դրամատունը ստանձնեց ձեռնարկի հովանաւորութիւնը: