Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»-ի Գինեձօն՝ Պոսթընի Մէջ

Հինգշաբթի, Մարտ 21-ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ անգլերէնի թարգմանուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» գործին գինեձօնը։ Ներկայ էին 150 հայորդիներ։
Օրուան հանդիսավարն էր Վերժինի Թուլումեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, թէ «Թուղթ Առ Երեւան»-ի նման կոթողական եւ պատմութիւն կերտած գործի մը թարգմանութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ, որ թէ՛ հայերէն չկարդացող հայորդին եւ թէ՛ օտարը, մօտէն քայլ պահեն եւ տեղեկանան թէ Անդրանիկ Ծառուկեան ի՞նչ պայմաններու տակ գրածէ այս գործը։
Ռուբէն Ճանպազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»-ը մեծ տպաւորութիւն ձգած է իր վրայ։ Յատկապէս Հ․Օ․Մ․-ի հայկական վարժարանէն ներս, երբ իր հայերէնի ուսուցիչ՝ Մուշեղ Գարագաշեանը, արտասանած է այս էջերը, առանց որեւէ սխալի եւ պապանցումի։
Ճանպազեան յայտնեց, թէ․- «Թաթուլ Սոնենցի թարգմանութիւնները կարդացած էի անշուշտ. Մէկ կամ երկու անգամ նոյնիսկ անոր տեսած էի եւ իրար ծանօթացած էինք: Սակայն ասկէ չորս տարիներ առաջ երբ առիթը ունեցայ ծառայելու «Տը Արմինիըն Ուիքլի» թերթի խմբագրական կազմին մէջ, այս գաղութի նշանաւոր «Հայրենիք» շէնքին մէջ, բախտաւորութիւնը ունեցայ ընկեր Թաթուլին հետ մտերմանալու եւ ընկերանալու: Անոր գետնայարկ գրասենեակը դարձաւ նոր դասարանս, ուր շատ բան սորվեցայ մեր ժողովուրդի պատմութեան, գրականութեան, եւ մանաւանդ թարգմանութեան արուեստին մասին: Իր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մեր երկա՜ր զրոյցներէն մէկուն ընթացքին հարց տուինք մենք մեզի՝ ինչո՞ւ «Թուղթ առ Երեւան»-ի նման գրութիւն մը, որուն հրատարակութեան տարիներուն «տաք հացի» պէս կը սպառեր, եւ կը համարուի որպէս սփիւռքահայ գրականութեան գլուխ-գործոցներէն, այսօր գրեթէ մոռցուած է՝ մանաւանդ նոր սերունդին կողմէ:
Նիւթը «հինցա՞ծ» էր, հաւանաբար. բայց շա՜տ աւելի հին պատմութիւններու մասին կը կարդայ եւ կը հետաքրքրուի այսօրուայ երիտասարդութիւնը:
Եկանք այն եզրակացութեան, որ դերեւս լեզուի հարց էր…
Սփիւռքի շատ մը գաղութներու մէջ հայութիւնը հազիւ կաթիլ մըն է հսկայ ովկիանոսի մը մէջ: Յաճախ, քաղաքի կամ շրջանի ընդհանուր բնակչութեան նոյնիսկ կէս տոկոսը չենք կազմեր: Ինքնաբերաբար, այս կը նշանակէ, թէ Սփիւռքի մէջ, հայ ժողովուրդը միշտ շրջապատուած է «օտարութեամբ». օտար լեզու, օտար ժողովուրդ, օտար մշակոյթ:
Երբեմն կը մեղադրենք այն անհատները, որոնք հայերէն չեն օգտագործեր կամ կը նախընտրեն օտար բարքերը վայելել, սակայն չենք անդրադառնար, թէ այս բոլորը պարզապէս ապրելաձեւի հետ կապուած իրականութիւններ են, որոնք դժբախտաբար տարիներու ընթացքին պիտի զարգանան եւ հետզհետէ աւելի ցայտուն պիտի դառնան:
Պատմութիւնը մեզի փաստած է, թէ շատ մը գաղութներէ ներս, տարիներու ընթացքին, լրջօրէն նուազած է հայախօսութիւնը: Օրինակ՝ Հարաւային Ամերիկայի կամ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի զանազան հայաբնակ քաղաքներու մէջ, հայ գաղութը չորրորդ կամ նոյնիսկ հինգերորդ սերունդ հասած է, ու ինքնաբերաբար, ներկայիս, գրեթէ բոլորովին ոչ-հայախօս է:
Փոխանակ մեղադրելու հայերէն չխօսող, չհասկցող այս հսկայ զանգուածը, որ միայն ու միայն անոնց պիտի հեռացնէ «հայութենէն», հարկ է նոր ձեւեր գտնել անոնց կապելու հայութեան. կը հաւատամ, որ թարգմանութիւնը մէկ կարեւոր, ազդու ձեւ մըն է այս աշխատանքը կատարելու: Երբ երիտասարդը հանգստօրէն կրնայ կարդալ գործ մը իր նախընտրած լեզուով, շատ աւելի հաւանական է, որ ան կրնայ կապուիլ այն գրականութեան եւ անոր մէջ պարունակուած պատմութեան:
Մեր յոյսն է, որ այս տեսակի թարգմանութիւններ առիթներ կը ստեղծեն, որ մեր գլուխ-գործոցները ընթերցուին ոչ-հայախօսներու կողմէ եւ կրկին անգամ ըլլան ներշնչման աղբիւրներ՝ այս անգամ անգլիախօս սերունդին համար: Մեր յոյսն է, նաեւ, որ այս հատորը խթան կը հանդիսանայ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը մօտեցնելու հայ լեզուին. ճիշդ այդ պատճառով մեզի համար կարեւոր էր, որ հայերէն բնագիրը ընդգրկուի այս նոր հրատարակութեան մէջ»:
Իր խօսքը եզրափակելով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք միասնաբար այս ձեռնարկը իրականացուցած են։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Պոսթընի մասնաճիւղին, Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկին` (NAASR), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Մեծն Պոսթընի «Նժդեհ» ուխտին, եւ «Հայրենիք»-ին։ Անշուշտ յատուկ կերպով, Ճանպազեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի գեղանկարիչ Մերուժան Խաչատրեանին, նաեւ Յովիկ Աֆարեանին եւ Վարագ Գարագաշեանին, որոնք մեծապէս օգտակար եղան կողքի ձեւաւորման աշխատանքին:
Թաթուլ Սոնենց Փափազեան շեշտեց, թէ Անդրանիկ Ծառուկեանը ապրեցաւ 76 տարի։ Ճիշդ է որ մանկութիւն չ՚ունեցաւ, բայց գրագէտի ու հրապարակագիրի իր կեանքը եղաւ հարուստ եւ ամբողջական։ Ան անգամ մը եւս, շեշտեց թէ Ծառուկեան իր բանաստեղծութիւններով եւ արձակ գրութիւններով, հարազատօրէն կը ներկայացնէ աշխարհասփիւռ հայութեան յոյզերն ու ձգտումները, որբացած սերունդի կեանքը, հայութեան եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած խոր կապն ու հաւատքը։
Նշենք թէ, նախքան երկու թարգմանողներուն խօսք առնելը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Մեծագոյն Պոսթընի «Նժդեհ» ուխտի ատենապետ եւ փոխ.ատենապետ Այտա Պարսումեան եւ Սարօ Սագայեան յաջորդաբար հայերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուցին «Թուղթ առ Երեւան» գիրքէն հատուածներ։ Իսկ Արժանապատիւ Տէր Անդրանիկ Աւագ Քահանայ Պալճեան, աղօթքէմն ետք կատարեց գիրքի գինեձօնը։
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան իր կարգին բեմ հրաւիրուելով նշեց թէ, այս գործին մասին աևդէն իսկ գիրքի յառաջաբանին մէջ Վահէ Հապէշեան մանրամասնօրէն կ՛արժեւորէ Ծառուկեանի կտորը եւ կը բնութագրէ անոր կարեւորութիւնն ու գրական ու պատմական արժէքները: Աղճայեան նշեց, թէ աշխատանքը պիտի շարունակուի ու այլ թարգմանութիւններ ալ պիտի կատարուին։ Աղճայեան անգամ մը եւս նշեց, թէ գիրքի վաճառքի հասոյթը ամբողջապէս պիտի նուիրուի «Հայրենիք» հաստատութեան թերթերու թուայնացման ծրագրին, որուն շնորհիւ հայերէն «Հայրենիք» օրաթերթի եւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի, ինչպէս նաեւ անգլերէն «Հայրենիք Ուիքլի» եւ «Տը Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի ամբողջ արխիւը, այսինքն բոլոր թիւերը հասանելի պիտի ըլլան հանրութեան: Թուայնացման աշխատանքները արդթէն իսկ սկսած են եւ կը յուսանք, որ մի քանի ամիսէն թերթի բոլոր թիւերը թուայնացուած հասանելի կը դառնան բոլորին:
«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Զաւէն Թորիկեան, տեղեկացնելէ ետք, թէ այս տարի հրատարակչատան 120-եակն է, իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այս պատմական գործին պատճառ հանդիսացած՝ Գէորգ Աբովի այդ օրերու խորհրդային քարոզչական մեքենայի հերթական մէկ դրսեւորումն էր «Մենք չենք մոռացել» գործը, եւ Ծառուկեան կրցած էր ծուղակին մէջ չիյնալ, իր ապրումներն ու պոռթկումները արտայայտելով, սակայն երբեք գռեհկութեան սահմանը չհասնելով։
Ան աւելցուց թէ գործածուած լեզուն հետաքրքրական է։ Արեւմտահայերէն գրող Ծառուկեան դիւրացնելու համար Աբովի եւ իրեն նման խորհրդայիններու հլու կամակատարներու պարտականութիւնը, այս գործը գրած է արեւելահայերէն եւ անշուշտ ճիշտ ուղղագրութեամբ։
«Հաւանաբար Գէորգ Աբովը մոռցաւ իր գրած քանի մը տողը՝ Մենք Չենք Մոռացելը, սակայն մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը, ան չմոռցաւ Թուղթ առ Երեւանը, ենթագիտակցելով, թէ ստացած պատասխանն ու ապտակը այնքան ծանր էր, նոյնիսկ մահացու», ըսաւ ան, որ քանի մը տպաւորիչ տողեր կարդալէ ետք, յայտնեց, որ աւելի ամբողջական ըլլալու համար, տեղին է նաեւ թարգմանել, այս առթիւ գրուած Ծառուկեանի դասընկեր՝ Մուշեղ Իշխանի «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը, նաեւ Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» գործը։
Աւարտին, կատարուեցաւ մակագրութիւն։
«Հայրենիք»-ի թղթակից