Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի Կազմակերպած Երեկոն

«Հայրենիք» Շաբաթ, Մարտ 16-ին, Ուաթըրթաունի «Մոսէսեան» կեդրոնին մէջ, փառաշուք հանդիսութեամբ կատարուեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը։
Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր ձեռնարկին։ Օրուան հանդիսավարն էր Խաժակ Մկրտիչեանը, որ անդրադարձաւ Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի կայանի հիմնադիր Ժիրայր Ղարիպեանի մասին։ Ան շեշտեց, թէ Ժիրայրի ժրաջան աշխատանքի արդիւնքով կարելի եղած էր հիմնել այս հաստատութիւնը, եւ իր մահէն աւելի քան քսան տարիներ ետք, նոյնքան հետեւողականութեամբ, իր կողակից՝ Եւգինէ Ղարիպեանը, որ կը շարունակէ գործը, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ: Խաժակ Մկրտիչեան նաեւ շեշտեց այս ձայնասփիւռի կայանին կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ օրերուն, ուր կարեւոր եւ առաջնահերթ դերակատարութիւն ունին տեղեկատուական բոլոր միջոցները, որոնց կարգին նաեւ ձայնասփիւռը: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց, բոլոր անոնց որոնք սատար հանդիսացած էին այս ձեռնարկի կազմակերպման։
Երգինէ Ղարիպեան նշեց, թէ 27 տարիէ ի վեր Ժիրայր Ղարիպեան հեռացած է աշխարհէն, սակայն անոր հիմնած Պոսթընի անկախ ձայնասփիւռի կայանը կը շարունակէ գործել։ «Միակ փոփոխութիւնը կամ պակասը այն է, թէ բացակայ է Ժիրայրի ձայնը։ Անոր նախասիրած եւ մասնագիտացած գործն է, որ կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք։ Անշուշտ գաղութը շարունակ նեցուկ կանգնելով կը կատարուի այս ժամանակ խլող աշխատանքը», ըսաւ Եւգինէ Ղարիպեան եզրակացնելով, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի նշուի այս կայանին 40-ամեակը, որուն մասին յառաջիկային, յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին ։
Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցան Ժանէթ Խալարեան եւ դաշնակահար Մարինէ Մարգարեան։
Տոհմիկ պարերով ելոյթ ունեցաւ Պոսթընի Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Արման Մնացականեանի:
Աւարտին Մկրտիչեան յայտնեց թէ, այս արուեստագէտներուն ներկայացուցածը վերստին կը փաստէ, թէ այս ձայնասփիւռի կայանը, հայ ունկնդիրը հաղորդ կը դարձնէ ազգային եւ մշակութային արժէքներուն: