Աննա Յակոբեան 1 Ապրիլին Պիտի Հասնի Միացեալ Նահանգներ
Վարչապետի տիկինը՝ «Իմ Քայլը» եւ «City of smile-Ժպիտների Քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան 1 Ապրիլին պիտի ժամանէ Միացեալ Նահանգներ:
Այցելութեան ընթացքին Յակոբեանին պիտի ուղեկցին «Իմ Քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Ղազարեան եւ «City of smile-Ժպիտների Քաղաք» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Էսթեր Դեմիրճեան: Կը նախատեսուի Աննա Յակոբեանի այցելութիւնը Քոնկրեսի գրադարանը եւ հանդիպում՝ կին քոնկրեսականներու հետ:
Տիկին Յակոբեան Լոս Անճելըսի մէջ պիտի մասնակցի Հայաստանի հիւպատոսութեան 25ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:
Այցելութեան ընթացքին տիկին Յակոբեան նաեւ պիտի մասնակցի բարեգործական շարք մը ընթրիքներու, պիտի ունենայ երկկողմ հանդիպումներ՝ ներկայացնելու համար երկու հիմնադրամներու գործունէութիւնը եւ ծրագիրները:
Մեմֆիս քաղաքի St. Jude (Սուրբ Յուդա) մանկական հետազօտական հիւանդանոցին հետ տիկին Յակոբեան՝ յանուն «City of smile Ժպիտների Քաղաք» բարեգործական հիմնադրամին եւ Հայաստանի մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու կեդրոնին յուշագիր պիտի ստորագրէ: