«Դպրոցը, Ես Եւ Իմ Ընտանիքս» Խորագիրով Ձեռնարկ Փըրմի ՄԷջ

«Հայերն այսօր»– Գարնան յուզառատ զարթօնքի բոյրով, բնութեան հաճելի ջերմութեամբ, ուրախ եւ երջանկութենէն փայլող աշխոյժ երեխաներով, բարձր ու տօնական տրամադրութեամբ լեցուած էր ՌԴ Փըրմի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան դպրոցը:
Մարտ 24-ին կայացաւ դպրոցի ուսուցիչներու, սաներու եւ անոնց ծնողներու համատեղ ուժերով կազմակերպուած, մինչ այդ նախադէպը չունեցող ձեռնարկ` «Դպրոցը, ես եւ իմ ընտանիքս» խորագիրով: Այն իր մէջ կ՛ընդգրկէր Մայրութեան եւ գեղեցկութեան, բնութեան զարթօնքի տօները:
Ձեռնարկին այս ձեւաչափն ունի յատուկ նպատակ` ալ աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու դպրոցի, երեխաներու եւ ծնողներու միջեւ եղած կապը: Նման ձեւաչափով ձեռնարկը կ՛իրականացուէր առաջին անգամ, շատ հետաքրքիր էր եւ անակնկալներով լի: Պէտք է նշել նաեւ, որ իւրայատուկ ոգեւորութիւն կար այս ձեռնարկին նկատմամբ, քանի որ այն տեղի կ՛ունենար մրցոյթի ձեւով: Մասնակիցները բաժնուած էին 5 խումբի` բաղկացած 8 հոգիէ: Ամէն խումբի մէջ ընդգրկուած էին 2 ծնող եւ 6 երեխայ, եւ իւրաքանչիւր խումբ ունէր իրեն ուղղորդող ուսուցիչը: Բոլոր թիմերն ունէին իրենց անունները, ընտրուած գոյները, որոնք արտացոլուած էին անոնց հագուստի եւ ձեւաւորած սեղանի միջոցով: Խումբերէն իւրաքանչիւրը նաեւ ունէր իր նշանաբանը:
Խումբերուն կողմէ պատրաստուած էին հայ կնոջը գովերգող գեղարուեստական համարներ: Այս ելոյթները համեմուած էին ազգային ժողովրդական երգերով, հայ գուսաններու եւ աշուղներու ստեղծագործութիւններով եւ այլ գեղեցիկ երգերով` նուիրուած կանանց եւ մայրերուն:
Թատերական ներկայացումներու հիմքին մէջ ինկած էին հայկական ժողովրդական հեքիաթները,կային նաեւ հեղինակային համարներ:
Ձեռնարկին իւրայատուկ շուք եւ գունագեղութիւն կ՛ապահովէին տարբեր նիւթերէ ստեղծուած գեղեցիկ հագուստները:
Ընդգրկուած էին նաեւ հումորային դրուագներ:
«Հմուտ ձեռքեր» բաժինին մէջ խումբերը ներկայացուցին հետաքրքիր եւ բազմաբովանդակ պաստառներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ունէր իր նախօրօք ընտրուած թեման:
Հայ կնոջ խոհարարական հիանալի եւ ստեղծարար ունակութիւնները ներկացուած էին խոհանոցի միջոցով, ուր կային ինչպէս հայկական, այնպէս ալ օտարազգի խոհանոցներուն պատկանող շատ համեղ աղցաններ, ճաշատեսակներ եւ թխուածքներ, որոնց բաղադրութիւնը ներկայացուեցաւ հետաքրքիր պատմութիւններու ձեւով:
Հայկական մշակոյթի նկատմամբ ունեցած ջերմութեամբ, ազգային խորհրդանիշներու մասին ունեցած իրենց ուրոյն գիտելիքներով եւ արեւշատութեամբ լեցուած էր ցուցահանդէսային բաժինը, ուր ներկայացուած էին դպրոցի սաներու, ծնողներու եւ արուեստի ուսուցչուհիի համատեղ աշխատանքները: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նոր աշխատանքներ, որոնք ողողուած էին հայկական Որդան կարմիրով, նրբագեղ եւ բազմերանգ գոյներով:
Այս ցուցահանդէսի կարեւորագոյն նպատակն էր բոլորին ծանօթացնել եւ հաղորդակից դարձնել հայ մշակոյթի տարբեր ճիւղերու հետ: Ներկայացուած աշխատանքները կ՛արտացոլէին հայ մանրանկարչութեան, գորգագործութեան, խաչքարային արուեստի, խեցեգործութեան գեղեցիկ եւ տպաւորիչ առանձնայատկութիւնները:
Մարիամ Գրիգորեան
Աղբիւրը`«Հայերն այսօր»