Լիբանանահայ Վարսայարդարը՝ Մրցանակակիր Եգիպտոսի Մէջ

11 Մարտին, Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ արաբական աշխարհի վարսայարդարութեան մրցում մը, որուն ծիրին մէջ լիբանանահայ վարսայարդար Յովսէփ Թըլսըմեան (սալօն ՀՄՄ) արժանացաւ այր մարդու լաւագոյն վարսայարդարի մրցանակին։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ «Արարատ» թերթը՝ նշելով, որ այս մրցումը կը կազմակերպուի չորս տարիէ ի վեր։
Փառատօնին հրաւէրով մրցումին մասնակցեցաւ նաեւ Լիբանանը՝ երկու վարսայարդարով։
Յովսէփ Թըլսըմեան՝ մասնակցողներուն մէջ միակ հայ վարսայարդարը, լիբանանեան դրօշին հետ միասին բարձրացուց նաեւ հայկական Եռագոյնը։