Ծառատունկ` Ի Յիշատակ Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/03/55451709_2095647837138547_649734204338208768_o.jpg)
Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան, ՀՅԴ Ազատամարտիկներ յանձնախումբի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հետ համատեղ մարտ 30-ին ժամը 11:00-ին Եռաբլուր Պանթէոնին մէջ կը կազմակերպէ ծառատունկ` ի յիշատակ Ապրիլեան պատերազմի զոհերուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՕՄ Հայաստանէն:
Ձեռնարկին ընթացքին «Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկ» բարեգործական հիմնադրամը, որ կը զբաղի Հայաստանի մէջ արեան հիւանդութիւններով տառապող երեխաներու բուժմամբ, յատուկ տաղաւարի մէջ պիտի իրականացնէ կամաւորներու գրանցումը:
Նշենք, որ կամաւորներու նուիրատուութեան գործընթացը անվնաս եւ անցաւ է, կը տեւէ հաշուած վայրկեաններ, սակայն հնարաւորութիւն կու տայ յետագային, համատեղելիութեան յայտնաբերման պարագային, փրկել կեանքեր:
Ձեռնարկին ընթացքին կ’իրականացուի նաեւ հանգուցեալ ՀՕՄ-ուհիներու, զոհուած ազատամարտիկներու, զինծառայողներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: