Warning: include(/home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/advanced-cache.php): failed to open stream: No such file or directory in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-settings.php on line 84

Warning: include(): Failed opening '/home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/advanced-cache.php' for inclusion (include_path='.:/opt/cpanel/ea-php54/root/usr/share/pear') in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-settings.php on line 84

Warning: Cannot modify header information - headers already sent by (output started at /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-settings.php:84) in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/plugins/qtranslate-x/qtranslate_core.php on line 388

Notice: Use of undefined constant ‘get_sidebars’ - assumed '‘get_sidebars’' in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/Themater.php on line 1038

Notice: Undefined index: banners125 in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/banners-125.php on line 13

Notice: Undefined index: comments in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/comments.php on line 17

Notice: Undefined index: posts in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/posts.php on line 25

Notice: Undefined index: socialprofiles in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/social-profiles.php on line 16

Notice: Undefined index: tabs in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/tabs.php on line 12

Notice: Undefined index: tweets in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/tweets.php on line 17

Notice: Undefined index: infobox in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/widgets/infobox.php on line 18

Notice: Undefined index: custom_js in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/Themater.php on line 237

Notice: wp_enqueue_script was called incorrectly. Scripts and styles should not be registered or enqueued until the wp_enqueue_scripts, admin_enqueue_scripts, or login_enqueue_scripts hooks. Please see Debugging in WordPress for more information. (This message was added in version 3.3.0.) in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 4147

Notice: add_custom_background is deprecated since version 3.4.0! Use add_theme_support( 'custom-background', $args ) instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839

Notice: Undefined index: custom_css in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/Themater.php on line 625

Notice: wp_enqueue_script was called incorrectly. Scripts and styles should not be registered or enqueued until the wp_enqueue_scripts, admin_enqueue_scripts, or login_enqueue_scripts hooks. Please see Debugging in WordPress for more information. (This message was added in version 3.3.0.) in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 4147

Notice: The called constructor method for WP_Widget in LinkableTitleHtmlAndPhpWidget is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerBanners125 is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerComments is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerPosts is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerTabs is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerTweets is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerInfoBox is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902

Notice: The called constructor method for WP_Widget in ThematerFacebook is deprecated since version 4.3.0! Use
__construct()
instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3902
Ազգային ոճով երգ կառուցող ու ինքնութիւն դարբնող երգահանը՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885 – 1967) | Hayern Aysor

Ազգային ոճով երգ կառուցող ու ինքնութիւն դարբնող երգահանը՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885 – 1967)


Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839

Ոճը մարդն է. ու Բարսեղ Կանաչեանը հաւատարիմ մնաց իր ազգային գանձէն ժառանգած հայկական ոճին: Իր Վարպետին՝ Կոմիտասի արուեստի մէջէն բռնեց հայ երգին կշռոյթը, խորապէս զգաց անոր երգերուն մէջ կոտտացող հայ սրտին մորմոքը, խինդին տակ ծուարած թախիծը, եւ իր հոգիին մէջ գտաւ արձագանգը իր ժողովուրդէն իրեն հասած այն ոճային պարզութեան, որով կը յատկանշուին իրա՛ւ մեծերը, որոնք գիտեն ստեղծագործել պարզին վսեմութեան հրանհանգներով, առանց պարզը տափակութեան վերածելու:

Եւ ահաւասիկ կ’ապրիմ Կանաչեանի յօրինումներուն պարզութիւնն ու հաղորդականութիւնը  բնորոշելու տագնապ մը: Ի՞նչպէս ընել ուրեմն, որ գրութիւնս յիշատակի մեծարանք մը ըլլալէ անդին անցնի, եւ պարագայական տուրքի մը չվերածուի, իր ծննդեան 126-ամեակին առթիւ, այլ՝ ցոլացնէ եզական տաղանդի մը ինքնութիւնը իր յօրինումներուն, եւ նաեւ՝ մեր  ազգային ինքնութեան ինքնագիտակցութեան բերած նպաստին ընդմէջէն:

Փոքր տարիքէն, եթէ ջութակահար մը դառնալը տակաւին մանկունակ խանդավառութիւն մը կ’ենթադրէր, ապա արդէն երիտասարդ՝ արուեստին յափշտակեալը դարձած էր հոգիով, որովհետեւ՝ օժտուած էր բնութենէն, որովհետեւ իր «ջուրը ուրիշ ջրէն էր»…, եւ որպէս այդպիսին՝ յաւէտ ներկայ մը եւ նուիրագործուած անուն մըն է սփիւռքի մէջ ամենուրէք, իսկ հիմա արդէն նաեւ՝ Հայաստանի մէջ, ուր այսօր կ’իրականանայ իր գերագոյն երազը. իր յօրինումներու կատարումը՝ մասնագիտացած երգիչներէ բաղկացած երգչախումբերով ու երգիչ-երգչուհիներով:

Ե՞րբ կը սկսինք եւ ո՞ւր կը սկսինք ըմբռնել եւ զգալ մեզի պատկանածը, մերի՛նը, ազգային ոգին ուրկէ՞ կը սկսի թրծուիլ մեր մէջ:  Եթէ մանկութեան ընթացքին մեր ստացած բոլոր տեսակի տպաւորութիւնները նախ պահ կը գտնեն մեր ենթագիտակիցին ծալքերուն մէջ, ապա անոնցմէ եկած արգասիքը շօշափելիօրէն կը տեսնենք մեր հասուն տարիքին: Չէ՞ որ, առաջին այբուբենէն իսկ առաջ, առաջին ե՛րգն է, երգերն են,  որ  սիրտ ու հոգի ունին, կը թառին մեր մանուկի շրթներուն, կը փարին մեր նորածաղկ յիշողութեան պատերուն եւ կը դարբնեն մեր ինքնութիւնը, կը մնան հոն առյաւէտ, եւ մեր կեանքի անտարիք վայրկեանի մը, չես գիտեր ուրկէ՞ կը բուսնին եւ մեր ականջները կը լեցնեն կեանքի յորձանուտէն փրցուած երգի պատառիկով, եւ մեր աչքերը՝ երանութեան ժպիտով… փորձեցէ՛ք երգել ձեր սորված  Կանաչեանի կամ Կոմիտասի երգերէն մէկն ու մէկը եւ չմանկանալ, կամ չի զգալ թէ ձեր բոլոր աջ ու ձախ, ու ոլոր-մոլոր փնտռտուքներէն ետք՝ այս է ձեր «հոգիին տունը»…

Արեւ բացուեց մութ ամպերէն,
կաքաւ թռաւ կանաչ սարէն,
Կանաչ սարէն, սարի ծէրէն,
Բարեւ բերաւ ծաղիկներէն,
Սիրունիկ նաշխուն կաքաւիկ:
կամ՝
Լուսինն ելաւ այն լեռնէն,  լերան բարձր կատարէն, կլոր կարմիր երեսով…
աշխարհն ըրաւ լուսնի ծով… ջան այ լուսին, ջան քո լուսին, մեռնիմ կլոր քո երեսին…
կամ՝
Բարի լոյսի զանգեր զարկին, զնգզնգալէն ինչ անոյշ անոյշ,
Լոյս բացուեցաւ մեր աշխարհին, ճղճղալէն, ինչ անոյշ, անոյշ:
կամ՝
Թոկը ծառէն կապեցին, հաստ խնոցին կախեցին. Թըլխկ, չըլխկ, թըլխկ, չըլխկ..

Ինչպէս Մաշտոցն իր ժամանակին մէջ, նոյնպէս Կոմիտաս ու Բարսեղ Կանաչեան իրենց ժամանակին մեր ազգային ինքնագիտակցութեան եւ հայ ազգին պատկանելու զգացողութեան հիմնաքարը դնողները եղան մեր սրտերուն մէջ, եւ մեր մանկութեան թոթովախօս լեզուն դարբնողները: Հայեցի՛ դաստիարակութիւնը երգով, բանաստեղծութեամբ, հայերէնով զգալու եւ հայօրէն ապրելու համար, եւ այս՝ զգալիօրէն այնքան քիչ կը կատարուի հիմա, որքան՝ տակաւին մօտիկ անցեալին, տուներէն ու վարժարաններէն ներս: (Դժբաղդաբար Լիբանանի երկարատեւ պատերազմը շատ բան քանդեց նորահաս սերունդին մօտ հայեցի դաստիարակութեան բնագաւառէն ներս, եւ այսօրուան մեր երիտասարդ ծնողներու մեծամասնութիւնը տակաւին անծանօթ կը մնայ այն մշակութային եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութեան, որ կը ջամբուէր մեր ազգային վարժարաններէն ներս պատերազմէն առաջ):

Կանաչեան երգահան- մանկավարժին մանուկներու համար յօրինուած 19 երգերը զուտ մանկավարժական նպատակ կը հետապնդեն:  Հոն ոչինչ կայ որ ժամանակավրէպ կարելի ըլլայ համարել, ընդհակառակն, եթէ ընդունինք, որ պատմութեան դասընթացքը ժամանակավրէպ բաներու մասին չէ, ուրեմն ինչո՞ւ  հայ գեղջուկին գործածած գործիքներու անունները հարկ ըլլայ վերացնել մանուկին բառամթերքէն: Կենցաղի պատմութեան մաս կը կազմեն կալը, թոկը, կարագը հարելը, խնոցին, եւայլն: Կանաչեանի այս շարքի երգերը նուիրուած են մանուկին աշխարհը հետզհետէ հարստացնող բաներու. աշխատանք, բնութիւն, հայրենիք, կենդանական աշխարհ եւ գիւղի կենցաղ: Եւ ահա, հայրենիքէն դուրս ապրող մանուկը ոչ միայն կը ծանօթանայ աշխարհին, այլեւ հայ երգին միջոցաւ կը հարստացնէ իր բառամթերքն ու ճշգրիտ արտայայտուելու ձեւերը:

Այս էր սկիզբը բանին: Եւ այդ բանը հայ երգն էր, որուն բուն հեղինակը ժողովուրդն էր. երգ՝ որ դարերէ ի վեր հայու ճակատագիրը, ցաւն ու ողբը, խինդն ու ուրախութիւնը կրողն ու պատմողը եղաւ եւ պահպանուեցաւ գեղջուկի բերնին մէջ, եւ որպէս անսպառ ազգային ժառանգէն փրցուած հում նիւթ՝ ան ծառայեց Կոմիտաս Վարդապետին եւ անոր մեծ տաղանդով օժտեալ սանին՝ Բարսեղ Կանաչեանին, որ Վարդապետին սկսած գործը ոչ միայն նոյնութեամբ շարունակեց, այլեւ՝ զարգացուց նորանոր գունագեղ եւ զուտ հայկական գոյներով:  Եւ հաւատա՛լ էր պէտք, որ երգը կարելի է դարձնել ազգի ինքնութիւնը վերականգնողը:

Բարսեղ Կանաչեանը հանդիսացաւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ այդ հաւատաւորը, որ դարձաւ նաեւ Կոմիտասի շունչին եւ ուսուցման հարազատօրէն հետեւողն ու զայն աւելի զարգացնողը, ինչպէս երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեան արժանաբար կը հաստատէ . «Իր (Կանաչեանի) գործը անմահ է եւ ինքնատիպ ձեւով կ’ամբողջացնէ երգարուեստի կալուածէն ներս, Կոմիտասի հայակերտման կիսաւարտ մնացած աշխատանքը»:  Աւելի՛ն.  ոչ միայն երգ ստեղծագործել էր պէտք հայրենական ոգիով, այլեւ՝այդ նոյն «երգի դաշնակութեան վայելքին վարժեցնելն ալ էր հարկաւոր հայրենազուրկ հայութեան խորթացած ականջն ու սիրտը» … որովհետեւ, կ’աւելցնէ Աղբալեան, «ոչինչ կարող էր միացնել կոտորակուած հայութիւնը, քան միեւնոյն հայ երգը, որ ներշնչում է բազմազան ոգիներ եւ միապէս յուզում է այլամէտ սրտեր: Ոչինչ կարող էր սիրտ տալ տարագիր հայութեան, որ ճողոպրած էր ստոյգ մահից, … քան՝ հաղորդութիւնը հայ երգի, որ նոյն է թէ հայ հոգու:  Այդ երգի մէջ նա տեսաւ իր ինքնութիւնը, իր անմար անցեալն ու յուսալից ապագան …»:

Բարսեղ Կանաչեանի եւ իր վարած երգչախումբերու դերը մեծ եղաւ հայ հոգեբանութեան վերափոխման առնչութեամբ:  Այդ դերը տակաւ կը մեծնար սփիւռքի տարածքին իր մարզած երգչախումբերով տուած համերգներով, որոնք Կոմիտասի եւ իր յօրինումներով հայրենական զգացում եւ անմոռանալի վայելքի պահեր կը շնորհէին ունկնդիրներուն, մաքրամաքուր, զուտ ազգային ակունքներէ բխած երգերով եւ կը հաղորդուէին հայ մշակոյթի յաւերժութեամբ: Եգիպտոս, Կիպրոս, Լիբանան, Պոլիս, Սուրիա, Իրագ, իր յօրինած երգերուն հետ ամենուրէք կը զարգանար, կ’ուռճանար նաեւ ազգային հպարտութեան ոգին, մանաւանդ՝ հպարտութիւն մեր այն ունեցածով՝ որ տեղացի արաբը չունէր… մեր հարուստ երգարուեստով, որուն մասին զմայլանքով եւ անվերապահ դրուատիքով կը խօսէին թերթերը: Արժէ հոս յիշել նաեւ  բոլոր երգչախումբի խստապահանջ փորձերուն մեծ սիրով եւ յարգանքով մաս կազմող այն 300 երիտասարդ -երիտասարդուհիները, որոնց համար երգչախումբի փորձերն ու ելոյթները դարձած էին անփոխարինելի վայելք: Բնականաբար, վայելքը կը բազմապատկուէր, երբ ամբողջ հայ համայնքը խանդավառութեամբ կը սպասէր իւրաքանչիւր համերգի:

Ունկնդրելով «Դալիլօ»ն, կարելի չէ չհաղորդուիլ դարեր ամբողջ դէպի մեզ հոսող հայ ոգիին հետ: Կարելի է երեւակայել ներկաներու յափշտակութիւնը Կանաչեանի երգչախմբային որեւէ գործի կատարման ընթացքին, եւ ահա երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեանը կը բացատրէ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը հասնի երաժիշտը այդքան հարազատութեան եւ մանաւանդ՝ հաղորդականութեան: «Ան (Կանաչեան) բնաւ չէ սիրած զուտ գեղագիտական ձայները կամ կոկիկ ու կոճկուած պայմանադրականօրէն իրարայաջորդ ձայնախումբեր: Դալիլօն կամ Եղսօն ու Շուշօն կենսախայտ, կենդանի, իրական հայուհիներ են: Հայուհիի հոգիին մէջ ազատ խաղն ու ինքնահոս երգը կեանքին իրար ամբողջացնող երեսներն են: Անոնք Հայոց լեռներէն հոսող ջուրերուն համն ունին, ժայթքը, ջինջ ու զուլալ յատակը, շարժունութիւնը, զովութիւնն ու թափանցիկութիւնը՝ կենսական տուեալներ որոնք անհրաժեշտ է ունենալ այս խմբերգներւն մեկնաբանութեան ընթացքին»: Կանաչեան երբեք հայրենիքը չտեսաւ, բայց իր մէջ պահեց հայրենիքէն իրեն փոխանցուած յուշերը իր Վարպետին, եւ կրցաւ հայրենիքը ապրեցնել իր մէջ անկրկնելի թարմութեամբ եւ ներշնչումով:

Պէյրութի մէջ Բարսեղ Կանաչեան կատարեալ ճանաչողութեան արժանացաւ, ոչ միայն հայութեան մօտ, այլեւ՝ Լիբանանցի երաժշտասէր հասարակութեան կողմէ, նախ՝  1946-ին, եւ ապա՝ 1957-ին «Գուսան» երգչախումբի 25-ամեակի առթիւ, UNESCO-ի սրահին մէջ եւ  Կանաչեանի ղեկավարութեամբ տեղի կ’ունենայ աննախընթաց համերգ:  Իսկ 2000 թուականին, Համազգային Հայ Մշակութային Հիւսիսային Ամերիկայի  Արեւմտեան մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ եւ ծախքերով կը հրատարակուին Կանաչեանի 23 խմբերգները, 7 մեներգները եւ 19 մանկադպրոցական երգերը 3 խտասալիկներու վրայ, որոնց կ’ընկերանան Պետրոս Ալահայտոյեանի պատրաստած Կանաչեանի կենսագրականին ներկայացումն ու գործերու ուսումնասիրութիւնը, նաեւ իր եւ երգչախումբերու խմբավար Տիգրան Քէքլիկեանի կենսագրականն ու յաւելեալ տեղեկութիւններ: Բացառիկ գործ:

Ալահայտոյեան այսպէս կ’եզրափակէ. «Իր ուղին գիտէր եւ քալեց իր ճամբէն: Աւելի քան 40 տարիներ նպաստեց իբրեւ նուիրեալ հայ ստեղծագործ-երգահան, ուսուցիչ-դաստիարակ եւ խմբավար, հայ երգի բեղմնաւորման եւ տարածման, եւ 40 տարի սատարեց Սփիւռքի հայապահպանման անվեհեր գործին»:

Վարդի Դանիէլեան
Մոնրէալ, Մայիս 28, 2011


Notice: Undefined variable: the_sidebar in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/themes/Hayernaysor/lib/Themater.php on line 1038
Scroll Up