«Նոր Յառաջ»- Ուրախալի լուր մը՝ Ֆրանսայէն Հայաստան մեկնողներուն։ Հեռաձայնային Free ֆրանսական ընկերութիւնը որոշած է այսուհետեւ ընդգրկել Հայաստանը այն երկիրներու ցանկին մէջ, որոնք կ՚օգտուինroaming-ի դրութենէն։ Այլ խօսքով՝ Free-ի բաժանորդները, որոնք Հայաստան կ՚այցելեն, հոն պիտի կարենան հեռաձայնել եւ համացանցային կապէ օգտուիլ ճիշդ նոյնպիսի պայմաններով՝ եթէ Ֆրանսա ըլլային։
Նոյն քայլը կ՚ակնկալուի նաեւ հեռաձայնային ֆրանսական միւս ընկերութիւններէն՝ SFR-էն, Bouygues-էն եւ Orange-էն։