Յոբելինական Ճաշկերոյթ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի Հովուական եւ Հանրային Ծառայութեան 60-րդ Տարեդարձին Առիթով

Լուիզա Ճանպազեան 

Փասատինա, Քալիֆորնիա – Կիրակի, 17 Մարտ, 2019-ի երեկոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (Միութիւն), ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (Աւետարանչական) հովանաւորութեամբ յատուկ յոբելինական ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի Տէրեան սրահէն ներս՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի հովուական եւ հանրային ծառայութեան 60-րդ տարեդարձի բարեբաստիկ առիթով։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին հոծ թիւով հիւրեր՝ ինչպէս գործակից հովիւներ, բարեկամներ եւ ընտանեկան պարագաներ։

Ճաշկերոյթի Յանձնախումբի Ատենապետ եւ հիւրընկալ եկեղեցիի Աւագ Հովիւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան  բարի գալուստի իր խօսքին մէջ վեր առաւ Վեր. Թութիկեանի կենսագրականը, անոր ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ Փառաբանութեան երգով ու աղօթքով բացուած յայտարարեց Գոհաբանական Ճաշկերոյթը։

Յայտագրի ընթացքին իրենց շնորհաւորական խօսքերով եւ Վեր. Թութիկեանի հետ իրենց ունեցած կեանքի յուշերով խօսք առին Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան՝ Միութեան Նախագահ, Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան՝ Աւետարանչականի Վարչութեան Նախագահ, Վեր. Ռան Թովմասեան՝ երկար տարիներու գործակից, Դոկտ. Գնել Դուրեան՝ Վեր. Թութիկեանի երկրորդական վարժարանի օրերու վաղեմի ընկեր, Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն՝ Սթիվըն Փիլիպոսեան Հիմնարկի Ատենապետ, Տօքթ. Մայքըլ Ոսկեան՝ Վեր. Թութիկեանի փեսան եւ Աւետարանչականի Փոխ Նախագահ, Ճորճ Բամպակեան՝ Վեր. Թութիկեան աներձակը, Տէր Սարգիս Քհն. Պետոյեան՝ յանուն Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Տէր Գարեգին Քհն. Պետուրեան՝ յանուն Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Օշին Քէշիշեան՝ Քալիֆորնիայի Օպզըրվըր (Armenian Observer) թերթի խմբագիր եւ Եսթեր Չէլէպեան Թոկնոզի՝ Լոս Անճելոսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան Նախագահ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ երգչուհի Արփի Այնթապլեան հրամցուց քանի մը հոգեւոր եւ հայրենաշունչ երգեր՝ Սիւզի Պաղտոյեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ եւ Սոնա Խանճեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Ցան» բանաստեղծութիւնը։

Յայտագրի վերջին մասով խօսք առին Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան (փոխան Միութեան Հովուապետ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի, որ կամքէ անկախ պատճառներով երկրէն կը բացակայէր) եւ Տիար Զաւէն Խանճեան Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէնը։

Վեր. Մկրտիչեան իր խօսքը սկսաւ Աստուածաշնչական մէջբերումով թէ, «Մշակը իր վարձքին արժանի է» (Ղուկ. 10:7) եւ ապա վեր առաւ Վեր. Թութիկեանի տարիներու  նուիրական վաստակը եւ անոր 42 գիրքերու հրատարակութիւնները, ու յիշելով Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»ը ան շեշտեց թէ «Վեր. Թութիկեան իր 60 տարիներու ընթացքին հաւատարմաբար տուաւ այն, ինչ որ ստացած էր։ Անշահախնդրօրէն տուաւ եւ ցանեց Քրիստոսակեդրոն հաւատք եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն։ Անվարան կարելի է նկատել զինք, այսօրուայ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի «քալող հանրագիտարանը»։ Ան ինչ որ տուաւ մարդ արարածին, ա՛յն մնաց, որու համար այսօր Աստուծոյ փառք կու տանք Վեր. Թութիկեանի նուիրական ծառայութեան համար՝ յատակապէս Համաշխարհային Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի դաշտին մէջ»։

Պր. Խանճեան իր ելոյթով անդրադարձաւ Վեր. Թութիկեանի անձին, կեանքին եւ հոգեմտաւոր վաստակին։  «Վեր. Թութիկեան իր կեանքով, կենցաղով, եւ արդիւնաբերութեամբ կատարելապէս կը մարմնացնէ հետեւեալ երեք ձիրքերը» ըսաւ ան։ «Անոր ԿԱՄՔը կը հպատակի իր ամռակուր համոզումներուն, որոնք հիմնուած են նախ Աստուծոյ Խօսքին եւ ապա անկէ բխած մարդկութեան հանդէպ իր տածած սիրոյն: Վեր. Թութիկեանի ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ կարգապահութիւնը եզակի է եւ ներգործիչ: Եւ վերջապէս ԿԱՄՔն ու ԱՇԽԱՏԱՆՔը տրամադրութիւններ են որոնք անկասկած կարօտ են շարժակի ուժի եւ քաջութեան: Եւ ահա հոս է որ անհրաժեշտ է մտային եւ ֆիզիքական ԿՈՐՈՎի ուժը, կարողականութիւնը եւ կատարելագործելու քաջութիւնը, զոր կ’արժեւորէ ԿԱՄՔի վրայ հաստատուած արդիւնաբերելու ԱՇԽԱՏԱՆՔը» եզրակացուց ան:

Յայտագրի աւարտին՝ իր խօսքին մէջ Վեր. Թութիկեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան, Աւետարանչականին եւ Ճաշկերոյթի Յանձնախումբին՝ ճաշկերոյթի կազմակերպման իրենց ժրաջան աշխատանքին համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկաներուն եւ ապա իր երախտագիտութիւնը բարձրացուց առ Աստուած Տիրոջ այգիին մէջ 60 տարիներու իր ծառայութեան մեծ շնորհքին համար։ «Ինչ որ եմ եւ ինչ որ ունիմ Իրեն կը պարտիմ եւ փառք կու տամ Իր սուրբ Անուան եւ Իր շնորհած պարգեւներուն համար» ըսաւ ան։

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքի՝ Հայր Մեր-ի յոտնկայս երգեցողութեամբ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Եսթեր Ասիլեանի եւ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի Օրհնութեան աղօթքով՝ ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուող բոլոր հովիւներուն։  Վեր. Թութիկեանի հովուական եւ հանրային ծառայութեան առիթով նուիրատութիւններ եղան եւ կը շարունակուին ըլլալ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան մօտ իր անունով հաստատուած անձեռնմխելի հիմնադրամի մը։

Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան ծնած է Սուրիա՝ Քէսապի Էքիզօլուք գիւղը եւ նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարանին մէջ: Ապա իր ուսումը շարունակած է Հալէպ, Պէյրութ, եւ հասած մինչեւ հեռաւոր Միացեալ Նահանգներ, ուր տիրացած է Դոկտորի տիտղոսին՝ աստուածաբանութեան մէջ: Ան իր հովուական ծառայութիւնը մատուցած է Դամասկոսի (Սուրիա), Գահիրէի (Եգիպտոս), ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ուոթըրթաունի (Մէսէչուսէց) եւ Տիթրոյթի (Միշիկըն) Հայ Աւետարանական Եկեղեցներուն մէջ։ Վեր. Թութիկեան նաեւ ընտրուած է Միութեան Նախագահ չորս տարբեր տարեշրջաններու։ Ան եղած է դասախօս Միշիկընի Lawrence Technological University-ի ինչպէս նաեւ University of Michigan-ի մէջ։ Վեր. Թութիկեան վարած է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահի պաշտօնը իսկ վերջին 17 տարիներուն կը վարէ Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնը: Ան նաեւ պատուակալ հովիւն է Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։ Հեղինակած է 42 հատորներ:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, հիմնադրուած 1918-ին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու Մէսէչուսէց Նահանգի Ուսթըր քաղաքին մէջ, երկնուեցաւ Հայ ժողովուրդի ամենադժուար օրերուն, օգնելու մեր հայրենակիցներուն, վերականգնելով անոնց կեանքը ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան յաջորդող օրերուն։ Աւետարանչականը դարձած է Համաշխարհային Քրիստոնէական կազմակերպութիւն մը, թիկունք կանգնելու  Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի գործունէութիւններուն, սատարելու Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան հոգեւոր եւ ֆիզիքական վերելքին, ինչպէս նաեւ այլոց որոնք յատուկ կարիքներ ունին։

Scroll Up