Նոր Նշանակումներ Մայր Աթոռէն Ներս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու նոր նշանակումներ:

Ինչպէս կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն, Հոգեշնորհ Տ. Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան ծառայութեան  կոչուած է Վիրահայոց թեմէն ներս` թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան ներքոյ:

Հոգեշնորհ Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեանը իր ծառայութիւնը կը բերէ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմէն ներս` թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան ներքոյ:

Scroll Up