ՖՄՆ-ն, ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ն եւ Հայաստանը 2020-ին Ձեռնարկ Կը Կազմակերպեն «Ապրիլ Միասին» Կարգախօսի Ներքոյ

Մարտ 18-ին ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ կայացաւ կազմակերպութեան ֆրանսախօս երկիրներու խումբին կողմէ կազմակերպուած, Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ` «Soirռe des saveurs» խորագիրով: Ձեռնարկին իր տաղաւարով մասնակցեցաւ նաեւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մէջ ՀՀ մշտական պատուիրակութիւնը` ներկայացնելով ազգային ուտեստներ ու խմիչքներ: Երեկոյին ֆրանսախօս երկիրներու խումբի անդամ շուրջ 33 երկիրներ ներկայացուցին իրենց ազգային ուտեստներն ու խմիչքները: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին եւ ելոյթներով հանդէս եկան ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիկիուաբոն (Louise Mushikiwabo) եւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլեն (Audrey Azoulay):
ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղարն իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Ֆրանքոֆոնիայի երեւանեան գագաթնաժողովին, փաստեց, որ «Ապրիլ միասին» թեմայի արժէքները ընդհանուր են երկու կազմակերպութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ իշխանութիւններուն եւ ՀՀ վարչապետի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեանին գագաթնաժողովի յաջողութեան համար: Իր խօսքին մէջ ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղարն անդրադարձաւ նաեւ կազմակերպութեան գագաթնաժողովին Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին, 2020թ․ նախատեսուած ՖՄԿ-ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ՀՀ համատեղ ձեռնարկին, որ նուիրուած պիտի ըլլայ «Ապրիլ միասին»-ի խթանման, եւ ընդգծեց, որ այդ ձեռնարկը կը նպաստէ Ֆրանքոֆոնիայի եւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի միջեւ համագործակցութեան առաւել զարգացման: