Համահայկական 7-րդ Խաղերը Տեղի Պիտի Ունենան 5-էն 17 Օգոստոս

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ՝ Մարտ 19-ին տեղի ունեցաւ Համահայկական եօթերորդ խաղերը կազմակերպող կոմիտէի նիստը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան խաղերու կազմակերպման վերաբերող զանազան հարցեր, կը հաղորդէ “Արմենփրես”:
Համահայկական եօթներորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-էն 17 Օգոստոս: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:
Այս տարի կը լրանայ խաղերուն կազմակերպման քսանամեակը եւ կ՛ակնկալուի մարզիկներու աննախադէպ մասնակցութիւն, որուն մասին կը վկայէ նախնական դիմումներու մեծ թիւը: Նշենք, որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են 17 մարզաձեւեր: