Տիւմէնի Մէջ Եզրափակուեցան Թումանեանական Օրերը

1869 թուականին «Մայր Հայաստանի արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն». Յովհաննէս Թումանեան, Կոմիտաս, Լեւոն Շանթ, Երուանդ Օտեան… Անուններ, որոնք հայ մտքի ու հոգիի պատմութիւնը կերտեցին, անուններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն իր ասպարէզին մէջ անգերազանցելի է:
Մեր հանճարեղ լոռեցին… Թումանեանն իր առանձնայատուկ տեղն ունի իւրաքանչիւրիս ողջ գիտակցական կեանքին մէջ: Մենք մեր թոթովախօս լեզուով առաջինը անոր բանաստեղծութիւնները կ՛արտասանենք, անոր հեքիաթներով կը գունաւորենք մեր մանկութիւնը: Թումանեանի հետ դպրոց կ՛երթանք ու տարիէ տարի կը մեծնանք Գիքորի, Նեսոյի, Մարոյի ողբերգութիւնը մեր հոգիին մէջ ծանրացած, կ՛ապրինք` անոր հերոսներու անմնացորդ սէրը մեզ չափանիշ դարձած, կը հասունանանք թումանեանական անմնացորդ հայրենասիրութեամբ, կը սորվինք անոնցմէ պայքարիլ ու մաքառիլ, չերկնչիլ ու գլուխ չկախել, կը սորվինք գնահատել վեհը, ազնիւն ու վսեմը, դատապարտել նսեմն ու ստորը, կը հասկնանք, որ կեանքի ամէն օրը մեզ ապացուցելու բան ունի, եւ որ իւրաքանչիւր օր պէտք է աւարտենք այն գիտակցութեամբ ու հաւատով, որ քաջնազարականութիւնը մեզ չի սպառնար:
Մարտ 17-ին ՌԴ Տիւմէն քաղաքի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական մշակոյթի կեդրոնին մէջ Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած հերթական ցերեկոյթն էր:
Այս անգամ կը քալէինք` հեռադիտակը մեզ ընկեր դարձուցած: Դիտեցինք ու աւելի ուժգին սիրեցինք Թումանեանի Լոռին, անոր զննած Ջաւախքը, անոր հիացմունք պատճառած մեր հայոց լեռները: Վարակուեցանք անոր իմաստութեամբ, խորութեամբ ու պարզութեամբ, վշտին դիմակայելու անսահման տոկունութեամբ, բարութեամբ ու հաւատով: Քաղեցինք դասեր, որոնք միայն ան կրնար մեզի տալ:
Ձեռնարկը յագեցած էր երգ ու պարով, ժպիտով ու արցունքներով:
Վստահաբար կարելի է ըսել, որ այն, ինչ քաղեցինք այս ձեռնարկին, վաղը կրկին սերմ պիտի դառնայ ու բերք պիտի տայ, որովհետեւ պարարտ հող կայ, եւ ատիկա այնքա՜ն հրաշալի է այս օտար ափերուն վրայ:
Այս ձեռնարկով մեր քաղաքին մէջ եզրափակեցինք թումանեանական օրերը: Մէկ ամիս շարունակ մեր մշակոյթի կեդրոնն ու համայնքն ապրեցաւ Թումանեանով, լիացաւ ու յագեցաւ անոր շունչով ու ոգիով:
Ամէն անգամ քու տուածից երբ մի բան ես դու տանում,
Ամէն անգամ, երբ նայում եմ, թէ ինչքա՞ն է դեռ մնում,-
Զարմանում եմ, թէ` ո՜վ շռայլ, ինչքա՜ն շատ ես տուել ինձ…
Եւ, իսկապէս, Աստուած անասելի շռայլ գտնուած է Ամենայն հայոց բանաստեղծին հանդէպ: Այդ շռայլութեան շնորհիւ է, որ այսօր մենք ունինք այս տօնը, որ միշտ մեզ հետ պիտի ըլլայ, տօն, որն ունի Թումանեան անունը:
Շնորհաւո’ր ծնունդդ, աշխարհին լոյս ու սէր սփռող, ամէնքի հետ ապրող ու ամէնքի չափ տառապող, աշխարհին ու մարդոց արեւի նման նայող մեծն Թումանեան:
Անի Կիրակոսեան