Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Ձեռամբ Օծուեցաւ Կիարտապատ Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Զանգը

ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, 16 Մարտի երեկոյեան, Կիարտապատ գիւղը ժամանելով, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան նախագահեց Մեծ պահոց քառասնորդացի երեկոյեան ժամերգութեան:

Կիարտապատ գիւղի հնադարեայ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մուտքին, առաջնորդ սրբազանը դիմաւորուեցաւ Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի, գիւղի հոգաբարձութեան ատենապետ Արբակ Արշակեանի եւ կազմի անդամներու, գիւղի եկեղեցւոյ Կանանց խնամակալ մարմինի անդամներուն եւ հաւատացեալներու կողմէ:

Ժամերգութեան աւարտին, առաջնորդ սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ դրան մուտքին, զանգակատան տակը, ուր սեղանի վրայ զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ նոր զանգը՝ սիրայօժար տրամադրուած Սպահանի Հայոց թեմին կողմէ:

Զանգի օրհնութեան, ապա օծման արարողութիւնը կատարուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ: Տէր հայրը ջուրով եւ գինիով լուացումը կատարեց անոր՝ ըստ հայ եկեղեցւոյ կանոնակարգին, որմէ ետք սրբազան հայրը սրբալոյս միւռոնով օծեց զանգը:

Արարողութեան աւարտին իր խօսած քարոզին ընթացքին, Գրիգոր եպիսկոպոս շեշտեց եկեղեցւոյ կոչնակի հնագոյն աւանդութեան կարեւորութիւնը, որով անիկա հրաւէր է տուած  հաւատացեալ  մարդուն, յաճախելու եկեղեցի եւ ապրելով իր քրիստոնէական կեանքը այս աշխարհի մէջ՝ համաձայն Աւետարանի ուսուցումներուն, օր մը արժանի ըլլայ երկինքի արքայութեան։

Ապա, ան իր եղբայրական շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանին եւ Կրօնական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մովսէսեանին, որոնք սիրայօժար կերպով ընդառաջած էին իր խնդրանքին եւ սոյն զանգը Սպահանէն ուղարկած էին Թաւրիզ՝ իբրեւ նուէր Կիարտապատի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, երբ վերջինիս զանգը անյայտ ձեռքեր գողցեր էին, վար բերելով զայն եկեղեցւոյ զանգակատունէն:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, գիւղի հոգաբարձութիւնը բոլոր ներկայ հաւատացեալները պատուեց թէյասեղանով, որուն ընթացքին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Արբակ Արշակեան, գիւղի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելով թէ՛ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդին եւ թէ Սպահանի Հայոց թեմին:

Scroll Up