Աւստրիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանը Աւստրիոյ Նախագահի Պալատ-Նստավայրին Մէջ

Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2019-ին, Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Լիազօր եւ Արտակարգ դեսպան Արմէն Պապիկեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Աւստրիոյ Նախագահ Ն.Գ. Փրոֆեսոր Պարոն Ալէքսանտր Վան դէր Բելէնին,  նախագահի  պալատ-նստավայրին մէջ:

Հաւատարմագրերու յանձնման աւարտին դեսպան դր. Արմէն Պապիկեանը, Նախագահական Պալատի ենթատարածքին մէջ բարձր արարողութեամբ ողջունեցին Աւստրիոյ Բանակի Նախագահական թիկնազօր գունդը եւ Բանակի Պետական նուագախումբը: Պարոն Դեսպանին զեկոյցէն ետք, նուագախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ Աւստրիոյ օրհներգները, որմէ ետք Պարոն Դեսպանը անցաւ պատիւ առած գունդին առջեւէն, ապա նախագահական ինքնաշարժը զինք վերադարձուց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն:

Ռազմիկ Թամրազեան

Scroll Up